Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Վիճելի Շրջաններուն Մէջ Խախտումներ Կատարելու Իսրայէլեան Փորձեր

June 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յստակ է, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի ոտնձգութիւն գործելու Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ` նկատի ունենալով, որ ան տակաւին վիճելի շրջան նկատուող լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթ ու կազ պեղելու բացայայտ փորձեր կը կատարէ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց «Էներճիյըն փաուըր» նաւուն մուտքը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճելի շրջան նկատուող սահմանագիծէն ներս:

Նախագահ Աուն բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց յաւելեալ մանրամասնութիւն եւ պաշտօնական տեղեկութիւն ներկայացնել այդ մասին, որպէսզի ըստ այնմ որոշումներ տրուին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան-իսրայէլեան ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, «հետեւաբար վիճելի շրջանին մէջ կատարուող որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն կը նկատուի թշնամական եւ ընդվզեցնող աքթ», յայտնեց ան:

Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ Լիբանանի բնական հարստութիւնը յափշտակելու եւ վիճելի շրջանին մէջ կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելու քայլը շատ վտանգաւոր կը նկատուի:

«Նման փորձեր եւ քայլեր կրնան ստեղծել այնպիսի լարուածութիւններ, որոնց հետեւանքները ոչ ոք կրնայ կռահել», շեշտեց Միքաթի:

Ան կոչ ուղղեց ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնին բանակցութիւններուն վերսկսելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին թելադրելու Իսրայէլի` ընդվզեցնող իր քայլերուն վերջ տալու:

Նշենք, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վիճելի շրջանին մէջ Իսրայէլի ձեռնարկած քայլերը կը նկատուին մարտահրաւէր եւ ապահովական կայունութեան խախտում:

Սլիմ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջապէս վերջ տալու իսրայէլեան քայլերուն եւ գործադրելու միջազգային օրէնքը` պահպանելու համար շրջանին կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, նշենք, որ խորհրդարանի յանձնախումբերուն ընտրութեան, ապա վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն առումով կ՛արձանագրուին շարժումներ, որոնք կը յանգին որոշ զարգացումներու:

Այդ շրջագիծին մէջ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ Նեժիպ Միքաթի դարձեալ պիտի նշանակուի վարչապետ` ստանալով 65 քուէ, որ կրնայ նաեւ 70-ի հասնիլ:

Նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարուին կիրակի, 12 յունիս 2022-ին:

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որուն Շուրջ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Համախմբուին

Յաջորդը

Ռուսիոյ Կառավարութիւն. «Հայաստանը, Ազրպէյճանը Եւ Ռուսիան Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները Հարաւային Կովկասի Մէջ Սահմանային, Մաքսային Հսկողութեան Հարցերու Շուրջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.