3 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները, յանձնախումբերու նախագահներն ու աշխատակազմի պատասխանատուները: Զեկուցած է Լիբանան եւ Կիպրոս կատարած այցելութեան արդիւնքներուն մասին:
Անդրադառնալով այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն` Թովմասեան զանոնք որակած է իր ղեկավարած պատուիրակութիւններու այցելութիւններուն ամէնէն յաջողը:
Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատած է լիբանանահայ եւ կիպրահայ համայնքներու հայապահպանման եւ արցախանպաստ գործունէութիւնը, եւ այդ առումով մասնաւորապէս ընդգծած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերը: