Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Հարցով Պրիւքսել Մոսկուայի Հետ Կապ Չէ Հաստատած

Յունիս 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Պրիւքսել իր քայլերը չէ համադրած Ռուսիոյ հետ, միտք ալ չունի այդ ընելու: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը` անանուն մնալու պայմանով:

Աւելի՛ն, եւրոպացի դիւանագէտը ըսաւ, թէ այժմ թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն կը զգուշանան Քրեմլինէն` նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները:

«Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան ու Ռուսիոյ միջեւ որեւէ յառաջընթաց չկայ, եւ ո՛չ ալ մտադրութիւն` ռուսերուն հետ կապ հաստատելու: Երկու կողմերն ալ վախցած են Մոսկուայէն, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը հրապարակաւ ցոյց չեն տար, յատկապէս, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ: Երկուքն ալ կը գիտակցին, որ յաջորդը կրնան իրենք ըլլալ», «Ազատութեան» ըսաւ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը` աւելցնելով. «Ռուսիա թերեւս կասեցուց պատերազմը, սակայն ակնյայտ է, որ գործընթացի շարունակութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պրիւքսելի մէջ, ոչ թէ Մոսկուայի: Եւ այն, որ կողմերը այդքան յաճախ կու գան Պրիւքսել, անոր փաստերէն մէկն է»:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները միայն անցած կէս տարուան ընթացքին երեք հանդիպումներ ունեցան Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի գլխաւորութեամբ, ընդ որում, վերջին երկուքը եղած են Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սկսած պատերազմէն ետք:

Մոսկուա ակնյայտ դժգոհութեամբ կ՛արձագանգէ Պրիւքսելի միջնորդական այս ջանքերուն. շաբաթներ առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակաւ Արեւմուտքը մեղադրեց «ռուս-ազրպէյճանական-հայկական յայտնի պայմանագիրներու թեման ամէնէն բարձր մակարդակով իւրացնելու անամօթ փորձերուն համար»` պնդելով, որ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ աւելցուցած են իրենց դիւանագիտական աշխուժութիւնը` հրաժարելով համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ:

Աւելի կանուխ, այս մասին բացայայտ խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` հայ պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին:

Հայկական կողմը պարբերաբար կը խօսի միջնորդական խումբի կարեւորութեան մասին, եւ ամիսներ առաջ դիմեց համանախագահութեան` Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար: Որեւէ արձագանգ չեղաւ: Պատասխանելով այս մասին «Ազատութեան» հարցումին` պաշտօնեան հաստատեց, որ միջնորդական ձեւաչափը թէեւ իրաւականօրէն կայ, բայց իրողապէս չի գործեր:

«Պիտի չըլլայ պաշտօնական յայտարարութիւն այն մասին, որ Մինսքի խմբակը մեռած է, բայց անիկա այլեւս կենսունակ չէ», ըսաւ դիւանագէտը` աւելցնելով, թէ ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք Արեւմուտքի մէջ ընդհանրապէս չեն ուզեր, որ որեւէ բան կապ ունենայ Պիելոռուսիոյ կամ Մինսքի հետ:

Այդ պարագային արեւմուտքը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ հետագայ զարգացումները` նկատի ունենալով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Փութինի միջնորդութեամբ ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի, որ Մոսկուա առնուազն հինգ տարի ո՛չ միայն իր խաղաղապահ առաքելութիւնը պիտի ունենայ Արցախի մէջ, այլ նաեւ պիտի վերահսկէ ճանապարհը Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, երբ կողմերը ապաշրջափակման շուրջ համաձայնութեան գան:

«Ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանի ճանապարհին եւ հաղորդակցութեան միւս կէտերուն, որոնք պէտք է ըլլան Ռուսիոյ հսկողութեան տակ, այո՛, այդպէս է, եւ առայժմ այդպէս պիտի ըլլայ, սակայն գաղափարը այն է, որ անիկա վերջապէս փոխուի: Ոեւէ մէկը, անշուշտ, չի կասկածիր, թէ անոր համար տեւական ժամանակ պիտի պահանջուի», ըսաւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան` չյստակացնելով, թէ ինչպէ՛ս կողմերը պիտի փոխեն դրոյթները, որոնք 9 նոյեմբերէն ետք անխտիր բոլորը ողջունեցին:

Առայժմ յստակ չէ նաեւ բանակցութիւններու թերեւս ամէնէն վիճայարոյց` Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի հարցը: Պաքու կը պնդէ, որ նման հարց այլեւս գոյութիւն չունի, Երեւան կը պահանջէ, որ նախ Ղարաբաղի ապահովութեան ու հայերու իրաւունքներու, ապա` կարգավիճակի հարցը ճշդուի: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, անդրադառնալով այս տարակարծութիւններուն, անցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար պէտք է քննարկուին տագնապին հիմք հանդիսացող բոլոր հարցերը, ընդ որում` հարցի բոլոր կողմերուն միջեւ»:

Արդեօք Եւրոպական Միութիւնը նկատի ունի նաեւ Արցախի մասնակցութի՞ւնը, եւ ի՞նչ լուծում կը տեսնէ Պրիւքսելի մէջ` ապահովութեան երաշխաւորման եւ կարգավիճակի համար հարցումին` եւրոպացի դիւանագէտը պատասխանեց. «Ակնյայտ է, որ անիկա որոշ պահու պիտի դրուի բանակցութիւններու սեղանին, բայց` ոչ հիմա, որովհետեւ անիկա ամէնէն դժուար հարցն է, եւ կարիք չկայ ժամանակէն առաջ բանակցութիւնները ծանրաբեռնելու»:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Կառավարութիւն. «Հայաստանը, Ազրպէյճանը Եւ Ռուսիան Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները Հարաւային Կովկասի Մէջ Սահմանային, Մաքսային Հսկողութեան Հարցերու Շուրջ»

Յաջորդը

«Եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ Հեռահար Հրթիռներ Մատակարարէ, Մոսկուան Յարձակում Պիտի Գործէ Վայրերու Վրայ, Զորս Նախապէս Չէ Թիրախաւորած» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?