Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Արցախի Գոյութիւնը Աշխարհաքաղաքական Հաւասարակշռութեան Պահպանման Կարեւորագոյն Գործօն Է»

June 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հրապարակած է գրութիւն մը, ուր  Արցախի գոյութիւնը կը նկատէ շրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօն:

Ան նշեց, որ եթէ չըլլայ Արցախը, ապա արմատապէս կը փոխուի աշխարհաքաղաքական դաշտանկարը Անդրկովկասի մէջ, իսկ անկէ ետք` նաեւ յարակից շրջաններուն մէջ, որմէ ետք գործնականօրէն անկարելի կ՛ըլլայ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումը` աւանդական միջոցներով (աշխարհառազմավարական հակակշիռներու համակարգ եւ այլն):

«Ասիկա պիտի յանգեցնէ ուժային կեդրոններու բաց, կարծր եւ անմիջական առճակատման: Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ անկարելի է աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահպանել աւանդական միջոցներով, եւ երբ համաշխարհային եւ շրջանային մեծ տէրութիւնները բացայայտօրէն պիտի հակադրուին մէկզմէկու: Կը կարծեմ` պատասխանը շատ պարզ է. աշխարհը նոյնիսկ կրնայ յայտնուիլ հիւլէական պատերազմի շեմին», նշեց նախարարը իր գրառումին մէջ:

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին ընդմէջէն պատասխանեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան` հաստատելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացն ու արդիւնքները պէտք չէ ազդեն Արցախի  Հանրապետութեան ներկայ ու ապագայ կարգավիճակին վրայ:

«Վերջ ի վերջոյ, ղարաբաղեան տագնապը ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ է, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը չէ լուծուած, ինչ որ կ՛ընդունի ամբողջ աշխարհը` անկախ շահերու ու ձեւակերպումներու որոշակի տարբերութիւններէն: Իսկ եթէ Ազրպէյճանը կը ցանկայ փակել տագնապի էջը եւ յստակացնել Արցախի կարգավիճակը, ապա կրնայ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց իրականացնել նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ` միեւնոյն ժամանակ վերադարձնելով մեր բռնազաւթուած տարածքները եւ ճանչնալով մեր անկախութիւնը», նշեց Բեգլարեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանն Ու Սէուտական Արաբիան Քննարկած Են Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Յաջորդը

Պայտըն Յայտնած Է, Թէ Միացեալ Նահանգները Ի՛նչ Նպատակ Կը Հետապնդեն Ուքրանական Հակամարտութեան Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.