Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 6 յունիսին սկսաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը:
Ելոյթներ ունեցան «Համախմբում» նախաձեռնութեան անդամ Մենուա Սողոմոնեան, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան եւ Հայկ Մամիջանեան:
Ընթերցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երէկ տարածած յայտարարութենէն հատուած մը. «Ազրպէյճանի պետութեան կազմին մէջ յայտնուելու պարագային Արցախին կը սպասէ արագ հայաթափում, արցախահայութեան` հայրենազրկում, ցեղասպանութիւն: Արցախը ոչ մէկ կարգավիճակով կրնայ մաս կազմել պետութեան մը, որ իր քաղաքացիները արդէն քանի մը սերունդ կը դաստիարակէ մոլի հայատեացութեան մթնոլորտի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման երաշխաւորն է: Մենք չենք կրնար հրաժարիլ այդ հիմնարար սկզբունքէն»:
Ցուցադրուեցաւ կարճ տեսահոլովակ մը` «Դիմադրութեան» շարժման կազմակերպած նախորդ շաբաթուան կարեւոր գործողութիւններէն:
Հակառակ բազմաթիւ փաստերուն, ապօրինութիւններուն, բռնութիւններուն մասին յստակ ապացոյցներուն, մինչեւ այս պահը որեւէ ոստիկան պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի ժամանակ, անդրադառնալով 3 յունիսին Դէմիրճեան փողոցին մէջ ոստիկանութեան կողմէ քաղաքացիներու նկատմամբ իրականացուած բռնի գործողութիւններուն իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան հետեւեալ կոչը ուղղեց ընդհանուր դատախազութեան:
«Կը դիմեմ ընդհանուր դատախազին կան յստակ հրապարակուած փաստեր եւ ապացոյցներ, որոնք ամբողջութեամբ բաւարար են` անմիջապէս քայլեր ձեռնարկելու եւ ապօրինութիւններ գործած ոստիկանները տանելու ձերբակալման:
Հակառակ պարագային դուք ձեր քայլերով եւ գործողութիւններով կը նպաստէք նոր բռնութիւններու: Եթէ ժամանակին կանխէիք այն ոստիկաններուն գործողութիւնները, որոնք յստակ բռնութիւն կը գործադրէին քաղաքացիներուն նկատմամբ, 3 յունիսին այդ դէպքերը չէին կրկնուէր», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Վրանները Ֆրանսայի հրապարակէն հաւաքելու կամ պայքարը դադրեցնելու մասին խօսակցութիւններուն անդրադառնալով` ան յայտնեց. «Այս վրանները ինքնանպատակ չենք տեղադրած: Տեղադրած ենք, որովհետեւ նպատակ ունինք: Մենք այս հրապարակէն դուրս գալու որոշում չունինք»:
Ինչ կը վերաբերի շարժումը դադրեցնելու խօսակցութիւններուն, Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց` դադար չկայ:
Այնուհետեւ Իշխան Սաղաթէլեան առաջարկեց երթ իրականացնել դէպի Դատախազութիւն:
«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները կանգ առին Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ, ուր ելոյթներ հնչեցին, ապա ցուցարարները վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակ: