Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնք

June 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիսին անհնազանդութեան ցոյց կազմակերպեցին Երեւանի մէջ: Անոնք հաւաքուեցան Ֆրանսայի հրապարակ, ապա երթի սկսան դէպի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք:

Երթի մասնակիցներու ձեռքերուն մէջ կային «Նիկոլը մեզ չի՛ ներկայացնում», «Արցախը պէտք է մնայ հայկական», «Արցախը չի կարող լինել Ազրպէյճանի կազմում», «Նոր պարտուողական համաձայնագիր չի լինելու» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:

«Դիմադրութեան» շարժման երթը մօտեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին, ուր նախատեսուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ու Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, ապա նաեւ` միացեալ ասուլիսը:

Նախարարութեան շէնքին մօտ հաւաքուած էին մեծաքանակ ոստիկաններ, որոնք փակած էին շէնքի մուտքը:

«Բոլորը յստակօրէն թող իմանան` այդ հողատուին հետ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ոչինչ է», Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Մենք կը գտնուինք արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց, քիչ յետոյ շէնք պիտի հասնի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը. նախ` կ՛ըսենք բարով եկած էք մեր երկիրը, բայց մենք այստեղ ենք շատ յստակ մեր ուղերձը յղելու, որ այն մարդոց հետ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի իշխանութիւնը եւ դուք բանակցութիւններ կը վարէք, իրենք կապ չունին հայ ժողովուրդի կամքին եւ դիրքորոշման հետ, իրենց հետ ձեռք բերուած որեւէ պայմանաւորուածութիւն ոչինչ է, որովհետեւ իրենք չունին իրաւագիր ժողովուրդին կողմէ երկիրը նոր զիջումներու տանելու: Այսօր մեր նպատակը շէնք շրջափակելը չէ, մեր նպատակը ուղերձները հասցնելն է, ըսել, որ ինչքա՛ն ալ փորձեն ներկայացնել, թէ Հայաստանի մէջ ճգնաժամ չկայ` ճգնաժամ կայ ու, առհասարակ, Հայաստան եկող ոեւէ պատուիրակութիւն ժողովուրդին շունչը պէտք է տեսնէ ու զգայ, բոլորը պէտք է տեղեակ ըլլան հրապարակի ժողովուրդին ներկայացուցած օրակարգի մասին», ըսաւ ան:

«Արցախ, Արցախ», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկեցին ցուցարարները:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ռուսերէնով դիմեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին:

«Ռուսիան եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գործընկերը, եղբայրական երկիրը, բայց միաժամանակ մենք բոլորս գիտենք, որ վերջին 4 տարուան ընթացքին այս մարդոց խումբը ըրած է կարելի ամէն բան, որպէսզի վտանգէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնը, եւ ասիկա փաստ է», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախքան երթը, ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչով դիմած էր ժողովուրդին եւ ըսած.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Այս պահուն երթով կը շարժինք դէպի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր քիչ անց պէտք է տեղի ունենայ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը: Կ՛երթանք յստակօրէն ըսելու, որ դաւաճաններու այս իշխանութիւնը չի ներկայացներ հայ ժողովուրդը: Կ՛երթանք բարձրաձայնելու հայ ժողովուրդի իրական օրակարգը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Միացէ՛ք փողոցին մէջ պայքարող ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Եկէ՛ք արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ», նշած է ան:

Նախորդը

Արարատ Միրզոյեան. «Թուրքիան Կը Փորձէ Կապ Գտնել Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Հոլովոյթին Եւ Հայաստան-Ազրպէյճան Հոլովոյթներուն Միջեւ»

Յաջորդը

Խօսելով Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Ուղիներու Ապաշրջափակման Մասին` «Ներդրուող Դրութիւնը Պիտի Հիմնուի Բացառապէս Հայաստանի Տարածքի Գերիշխանութեան Վրայ. Այստեղ Երկիմաստութիւններ Չեն Կրնար Ըլլալ». Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.