ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի հարցով «3+3» ձեւաչափով (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան – Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) համագործակցութեան հարթակի երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային:
«Մենք պայմանաւորուեցանք, թէ ինչպէ՛ս շարունակել աշխատանքը Հարաւային Կովկասի մէջ, գիտէք, Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ «3 + 3» ձեւաչափի մասին: Առաջին հանդիպումը ունեցած ենք Մոսկուայի մէջ, վրացի գործընկերները չկրցան մասնակցիլ, բայց կը շեշտենք, որ միշտ ուրախ պիտի ըլլանք զանոնք այնտեղ տեսնելով: Յաջորդ հանդիպումը կը պատրաստուի շատ մօտ ապագային», նշած է Սերկէյ Լաւրով:
Նշենք նաեւ, որ երէկ` 8 յունիսի երեկոյեան, Լաւրովը Հայաստան հասած է Անգարայէն:
9 յունիսին կը սպասուին Լաւրովի բանակցութիւնները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ: Երեւանի մէջ Լաւրով պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: