Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը` Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ

Յունիս 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հրապարակէն երէկ` երեքշաբթի, 7 յունիս 2022-ին սկիզբ առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Դիմադրութիւն» շարժման երթը:

Երթի կանգառը Եւրոպական Միութեան գրասենեակն էր, ուր փաստերով ներկայացուեցան այն բոլոր բռնութիւնները, որոնք այս օրերուն տեղի ունեցած են «Դիմադրութեան» շարժումի հանրահաւաքներու եւ երթերու մասնակիցներուն դէմ:

Շարժման մասնակիցները Եւրոպական Միութեան դեսպանէն կը պահանջեն պատշաճ գնահատական տալ ոստիկանութեան ապօրինութիւններուն եւ բռնութիւններուն:

Անոնց ձեռքերուն մէջ կային անգլերէն գրութիւններով պաստառներ` «Բացէ՛ք ձեր աչքերը», «Դատապարտեցէ՛ք բռնութիւնը»:

«Դիմադրութեան» շարժման երթը մօտեցաւ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին:

«Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Դաւաճան, հեռացի՛ր» վանկարկեցին քաղաքացիները:

Եւրոպական Միութեան գրասենեակի շէնքին դիմաց կեդրոնացած էին ոստիկանական ուժեր:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ընթերցեց գրութիւնը, որ պէտք է փոխանցուէր Եւրոպական Միութեան դեսպանին.

«Ընդդիմադիր խորհրդարանական երկու խմբակցութիւնները կ՛արձանագրեն. 3 յուլիսին Պռոշեան-Դեմիրճեան փողոցներու հատման հատուածին մէջ խաղաղ հաւաքի մասնակիցներուն նկատմամբ ոստիկանական ուժերու կողմէ կիրարկուած է ապօրինի եւ անհամաչափ ուժ եւ յատուկ միջոցներ, որոնց շարքին` «Սվիրել» լուսաձայնային նռնակներ, թէեւ  հաւաքը կը կրէր բացառապէս խաղաղ բնոյթ, եւ ոստիկանական ուժերը պէտք է ոչ թէ խոչընդոտէին, այլ պարտաւոր էին օժանդակել խաղաղ հաւաքի կայացման:

Լուսաձայնային նռնակներու կիրարկումը իրականացած է առանց նախնական զգուշացման, որուն պատճառով հաւաքի խաղաղ մասնակից հարիւրաւոր քաղաքացիներու մէջ, այդ կարգին` կիներու եւ տարեցներու  մօտ, առկայ են տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ: Մարմնական վնասուածքներ ստացած են նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն քանի մը հատը, ինչպէս նաեւ «Դիմադրութեան» շարժման մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ»:

Գրութեան մէջ նաեւ նշուած էր, որ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն մեծ մասը տուժած է յատուկ միջոցներու սխալ կիրարկման պատճառով, իսկ որոշ տեղեկութիւններով` կիրարկուած լուսաձայնային նռնակները եղած են ժամկէտանց:

Ոստիկանութեան շարք մը ծառայողներ օրէնքի կոպիտ խախտումով տարբերանշաններ չեն կրած:

Բիրտ եւ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ:

«Նոյն այս դեսպանատունը 2018-ին մարդու մազ ծռելու պարագային օրուան մէջ քանի մը յայտարարութիւն կը տարածէր, իսկ հիմա լուռ է եւ այդ լռութեամբ կը խրախուսէ ոստիկանական վայրագութիւնները», ըսաւ ան:

Արամ Վարդեւանեան ըսաւ, որ այս գրութիւնը կը յանձնուի այն ակնկալիքով, որ Եւրոպական Միութեան դեսպանին կողմէ կը կատարուի պատշաճ արձագանգ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս շէնքին մէջ նստած դեսպանը առիթը չէր փախցներ, երբ կարելիութիւն ունենար քաղաքական յայտարարութիւններ կը կատարէր, յստակ կողմի հետ, իսկ ընդամէնը քանի մը օր առաջ այստեղ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն հետ կապուած ոչ մէկ բան, կոյր եւ լուռ կը ձեւանայ:

ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան անդրադառնալով ոստիկանութեան գործողութիւններուն ըսաւ. «Ոստիկանութեան արձագանգէն մենք կը տեսնենք Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ժողովներու ներքին քննարկումները: Այստեղ ոստիկանութեան հարցը չէ, այս պայքարը հակաոստիկանական չէ, նպատակը ոստիկանութեան բարեփոխումները չեն` ոստիկանութիւնն ալ չ՛իրականացներ իր գործառոյթները եւ չ՛ենթարկուիր ոստիկանապետի որոշումներուն` ուղիղ հրահանգ կ՛իջնէ իշխանական խմբակէն»:

Շարժման մասնակիցները ի նշան ոստիկաններու ապօրինութիւններուն` 3 յունիսին իրենց կորսնցուցած կօշիկները ձգեցին Եւրոպական Միութեան դեսպանատան դիմաց:

Նախորդը

Խօսելով Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Մասին` «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Յառաջընթացին Տարբեր Միջոցներով Աջակցելու, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ» Կ՛ըսէ Սալիվըն

Յաջորդը

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?