 Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի եւ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումի աւարտին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ կողմերը, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները:

«Սալիվըն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Ան բարձր գնահատած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած նշանակալի եւ պատմական դիւանագիտական ջանքերը:
«Սալիվըն աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի կողմէ կազմակերպուած բանակցութիւններուն: Ան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը սերտօրէն ներգրաւուելու եւ յառաջընթացին աջակցելու տարբեր միջոցներով, ներառեալ իբրեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի համանախագահ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: