Գլխաւոր լուրեր

Պրիս Ռոքֆոյ Շեշտեց Ֆրանսայի Շահագրգռութիւնը Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափի Պահպանման Հարցին Մէջ

Պրիս Ռոքֆոյ Շեշտեց Ֆրանսայի Շահագրգռութիւնը Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափի Պահպանման Հարցին Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 11 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյ հանդիպում ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ շեշտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ ու տեւական լուծման անհրաժեշտութիւնը: Այս պարունակին մէջ Ռոքֆոյ եւս շեշտեց Ֆրանսայի շահագրգռութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի պահպանման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ: Զրուցակիցները հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակեցին...

Արարատ Միրզոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսայի Համանախագահը

Արարատ Միրզոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսայի Համանախագահը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11 ապրիլին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը: Կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դերը` իր լիազօրութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ: Հանդիպումին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի` Փառուխ գիւղ եւ մերձակայ հատուածներ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման պատճառով ստեղծուած...

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ.  Շարունակուող Մտատանջութիւններուն Զուգահեռ` Արգելքները Հարթելու Միտող Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. Շարունակուող Մտատանջութիւններուն Զուգահեռ` Արգելքները Հարթելու Միտող Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Որքան խորհրդարանական ընտրութեանց ժամկէտը կը մօտենայ, մտավախութիւնները առաւել եւս կը շեշտուին` օրըստօրէ կուտակուող այլազան արգելքներու լոյսին տակ: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ հարցականի տակ կ՛առնեն արտերկրի 220 հազար քուէարկողներու ընտրութեանց մասնակցութեան կարելիութիւնը` նկատի ունենալով արտերկրի դիւանագիտական մարզի պաշտօնեաներու բաց գործադուլի ազդարարութիւնը, իրենց ամսաթոշակներու ուշացման պատճառով: Նաեւ` դիւանագիտական նշանակումներու ձգձգման բերումով այս մարզի կազմերուն մէջ ստեղծուող մարդուժի բացը նոյնպէս կ՛արգելակէ ընտրութեանց հեզասահ...

Տէր Եւ Տիկին Աւետիս Եւ Ռիթա Գարակիւլեան 100.000 Ամերիկեան Տոլարով Դպրեվանքի Հիմնադրամ Կը Հաստատեն

Տէր Եւ Տիկին Աւետիս Եւ Ռիթա Գարակիւլեան 100.000 Ամերիկեան Տոլարով Դպրեվանքի Հիմնադրամ Կը Հաստատեն

Երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022-ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան վեհափառ հայրապետին յայտնեցին, որ 100.000 ամերիկեան տոլարի գումարով կը փափաքին դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղան յառաջիկային աճեցնել հիմնադրամը: Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գարակիւլեան ընտանիքին...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Հայաստանը  Յանձնառու Է Ապահովելու Արցախի  Ժողովուրդին` Իր Հայրենիքին Մէջ Ազատ, Անվտանգ  Եւ Արժանապատիւ Կեանքի Իրաւունքը»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանը Յանձնառու Է Ապահովելու Արցախի Ժողովուրդին` Իր Հայրենիքին Մէջ Ազատ, Անվտանգ Եւ Արժանապատիւ Կեանքի Իրաւունքը»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը Մարաղայի կոտորածի 30-րդ տարելիցին առիթով` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` ապահովելու Արցախի ժողովուրդին` իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը, եւ կ՛ընդգծէ միջազգային հանրութեան ջանքերուն հրատապութիւնը` կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյութենական անվտանգութեան համար սպառնալիքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութենէն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «30...

Իշխան Սաղաթէլեան.  «Ասիկա Խուժանապետութիւն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Խաղաղութեան Անուան Տակ Երկիրը Կը Տանի Նոր Յանձնուողական Համաձայնագիրի, Եւ Ատիկա Կանխելու Միակ Տարբերակը Զայն Հեռացնելն Է»

«Մենք ակնկալիք չունէինք, որ մէկ հանրահաւաքով ընդդիմութեան պահանջները պիտի դառնան իշխանութեան գործունէութեան հիմնական սկզբունքները, բայց մեզի համար շատ կարեւոր էր անգամ մը եւս եւ վերջնականապէս քաղաքական ուժերու եւ հասարակութեան կողմէ այդ սկզբունքներն ու պահանջները ձեւակերպելը: Անշուշտ, պրիւքսելեան, ինչպէս եւ անոր նախորդած բոլոր հանդիպումներուն հայկական շահը ներկայացուած չէր, իշխանութիւնը որդեգրած է պարտուողական ուղին, կ՛երթայ «զիջիլ ամէն ինչ` յանուն խաղաղութեան» սկզբունքով: Հանրահաւաքը...

«Էինք Եւ Պիտի Մնանք» Կարգախօսով`  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Տարբեր Ընտրաշրջաններու  Իր Ընտրացանկերը Եւ Դաշինքները

«Էինք Եւ Պիտի Մնանք» Կարգախօսով` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Տարբեր Ընտրաշրջաններու Իր Ընտրացանկերը Եւ Դաշինքները

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 9 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ յայտարարուեցան տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ կուսակցութեան կազմած ընտրացանկերն ու դաշինքները` «Էինք եւ պիտի մնանք» կարգախօսով: Այս առիթով ներկայացուեցան ընտրական ծրագիրը, կուսակցութեան հետապնդած նպատակներն ու իրագործելիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի եւ քաղաքական այլ ուժերու միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքներուն հիման վրայ կազմուած ընտրացանկերուն թեկնածուները...

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ  Ծաղկազարդուեցաւ Մեր Ժողովուրդին Զաւակներով

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Մեր Ժողովուրդին Զաւակներով

Ծաղկազարդի տօնին առիթով զարդարուած Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ամէնէն շատ գոյն ու կեանք կու տան մանուկները` ոմանք մանկական լրջութեամբ հետեւելով Ս. եւ անմահ պատարագին, ուրիշներ վազվզելով շրջափակի զարդարանքներուն շուրջ կամ յիշատակի նկարներ առնելով: Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք....

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Օրակարգով Առցանց Քննարկում

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Օրակարգով Առցանց Քննարկում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս,  մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Քանատայէն` Լորի Պէրպէրեան, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն` Թենի Սիմոնեան- Փէրի, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Տրուած ըլլալով, որ...

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օգնել  Սահմանը Պաշտպանելու Եւ Բանակը  Հզօրացնելու Գործին Մէջ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օգնել Սահմանը Պաշտպանելու Եւ Բանակը Հզօրացնելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի բացման ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել սահմանը պաշտպանելու եւ բանակը հզօրացնելու գործին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք` իբրեւ Հայաստանի առանցքային դաշնակից, պիտի շարունակենք ձեզի օգնել պաշտպանունակութիւնը հզօրացնելու եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:...

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի  Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն  Լիբանան Վերադարձը»

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն Լիբանան Վերադարձը»

«Կ՛ողջունենք Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպաններուն Լիբանան վերադարձը», նշեց երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու իր կատարած մէկ գրառումով: «Բորբոքած Արեւելքի մէջ անպայման, որ եղբայրներ միանան` իրերօգնութեան համար», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:  

Տիւրզի Համայնքի Հոգեւոր Պետը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Տիւրզի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապու Մունա հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ այցելեց Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Շէյխին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տիւրզի համայնքի դատական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատու հոգեւորականներ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, սրբազան ու միաբան հայրեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն...

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները  «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի Բեմը Վերածեցին  Կտոր Մը Հարազատ Արցախի

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի Բեմը Վերածեցին Կտոր Մը Հարազատ Արցախի

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին աւելի քան երկու ժամ շարունակ տարբեր մթնոլորտ տիրեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որուն բեմը ծաղկեցուցին եւ երկար ատենէ ի վեր այսքան մեծաթիւ հանդիսատեսներու կարօտը ունեցող սրահը իրենց տաղանդով լեցուցին, նման իւրայատուկ ու խորհրդանշական ելոյթներէ քանի մը տարիէ զրկուած հանդիսատեսը յոյսով, յուզումով, մերթ տխրութեամբ, մերթ ուրախութեամբ, արցունքի եւ ժպիտի միախառնումով, բայց...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Դաստիարակչական Յանձնախումբ.  Հանրութեան Ուղղուած Դասախօսական Շարքի  Առաջին Հանդիպումը`  «Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը» Նիւթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Հանրութեան Ուղղուած Դասախօսական Շարքի Առաջին Հանդիպումը` «Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը» Նիւթով

Օրուան անցուդարձերուն ու թարմացումներուն հետամուտ ըլլալն ու անոնց իրազեկ դառնալը անհրաժեշտ է` առկայ հարցերը ընկալելու եւ ըստ այնմ ապագայի քայլեր առնելու, միջոցներ որոնելու կամ լուծումներ գտնելու համար: Հանրութիւնը լուսաբանելը եւ զայն առկայ հարցերուն լաւատեղեակ դարձնելով զրոյցի մթնոլորտ ստեղծելը նախազգուշական քայլ մըն է, որ կրնայ բիւրեղացնել ժամանակակից մշուշոտ հարցեր եւ դէմ կը դնէ թիւրիմացութեան: Մեկնելով այս նպատակակէտէն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Ակնարկ.  Երրորդ Միջնորդին Կատարած  Շեշտադրումները

Ակնարկ. Երրորդ Միջնորդին Կատարած Շեշտադրումները

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպման ամէնէն ուշագրաւ բաժինը հետեւեալը կարելի է համարել. երկկողմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ: Այդ նպատակով, համաձայն Սոչիի 2021 թուականի նոյեմբերի 26-ի յայտարարութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ մինչեւ ապրիլի վերջ ձեւաւորել միացեալ յանձնախումբ: Միացեալ սահմանային յանձնախումբի լիազօրութիւնը պիտի ըլլայ. 1.- Սահմանազատել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը, 2.- Ապահովել կայուն անվտանգ իրավիճակ` սահմանագիծի երկայնքով եւ մերձակայքին: Նախագահ...

Ալիեւ-Փաշինեան Հանդիպումին Սահմանագծման  Յանձնախումբի Ստեղծման Եւ Խաղաղութեան  Բանակցութիւններու Նախապատրաստական Աշխատանքներու  Սկզբնաւորման Շուրջ Համաձայնութիւն

Ալիեւ-Փաշինեան Հանդիպումին Սահմանագծման Յանձնախումբի Ստեղծման Եւ Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Նախապատրաստական Աշխատանքներու Սկզբնաւորման Շուրջ Համաձայնութիւն

6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ 14 դեկտեմբեր 2021-ին Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր:...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանին  Պիտի Տրամադրէ 3 Միլիառ Տոլար

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանին Պիտի Տրամադրէ 3 Միլիառ Տոլար

Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրին շուրջ երկար եւ աշխուժ բանակցութիւններէ ետք, երէկ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ գոյացաւ սկզբնական համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ ֆոնտը Լիբանանին պիտի տրամադրէ 3 միլիառ տոլարի վարկ` 4 տարուան ընթացքին: Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան նախագահ Ռամիրել Ռիկօ յայտնեց, որ ֆոնտին վարչական խորհուրդին կողմէ տրուելիք համաձայնութեան պարագային, Լիբանանի տրամադրուելիք այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի երկրին իշխանութիւններուն ծրագրած բարեկարգումներուն...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Ֆանար  Եւ Մօտէն Հետեւեցաւ Ատամնաբուժարանի Աշխատանքներուն

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Ֆանար Եւ Մօտէն Հետեւեցաւ Ատամնաբուժարանի Աշխատանքներուն

Լէյլաւանի Մէջ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ատամնաբուժարանի Հաստատման Առիթով Լէյլաւանի մէջ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ատամնաբուժարանի հաստատման առիթով, հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանար այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան...

Արցախէն Ժամանած Տաղանդաւոր Պատանիները Կ՛այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արցախէն Ժամանած Տաղանդաւոր Պատանիները Կ՛այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Լիբանան կը գտնուին Արցախէն խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք եւ ստացան օրհնութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան: Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հայրենի հողին եւ ինքնութեան ամուր կառչած քաջարի զաւակները Արցախի եւ ուրախութիւն յայտնեց` ի տես թշնամիին հանդէպ անոնց ցուցաբերած...

Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել  Հանդիպումէն Առաջ.  Փաշինեան-Միշել Առանձին  Հանդիպում` Պրիւքսելի Մէջ

Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել Հանդիպումէն Առաջ. Փաշինեան-Միշել Առանձին Հանդիպում` Պրիւքսելի Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում մը` Փաշինեանի եւ Միշելի միջեւ: Կողմերը անդրադարձան նախատեսուած եռակողմանի հանդիպումին եւ կարեւոր նկատեցին երկխօսութեան շարունակականութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդկային խնդիրներն ու ընդգծեց միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:...

Page 309 of 797 1 … 308 309 310 … 797

Արխիւներ