Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերեթ Ճուլը, Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Իթերվիքը, Ֆինլանտայի դեսպան Թարժա Ֆերնանտեզը եւ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահամանագծումը կատարելու քայլերը հիմնուած են Լիբանանի շահերուն պահպանումին վրայ: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան հողն ու ջուրը անոր իրաւունքներն են` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը կ՛իյնայ միջազգային բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ, որ հանրապետութեան նախագահին պատասխանատուութիւնը կը նկատուի` սահամանադրութեան թիւ 52-րդ յօդուածին համաձայն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ սահմանագծումի թղթածրարին իմաստով դրական արդիւնքներու յանգելու, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումը, յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Հոքշթայնէն պիտի պահանջեն վերսկսիլ բանակցութիւններուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանան կը փափաքի նաւթի ու կազի բնական իր հարստութիւնը օգտագործել, ինչպէս նաեւ սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանել:
Պատասխանելով դեսպաններուն յղած հարցումներուն` նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթը պիտի սկսի յառաջիկայ օրերուն, երբ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարուին` նոր վարչապետի նշանակման համար, որպէսզի ան կազմէ կառավարութիւնը, որ իր կարգին խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք սկսի աշխատանքի` լուծելու համար երկրին տարբեր տագնապները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ շարունակելու համար Լիբանանի բանակցութիւնները:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին մասին Լիբանանի կեցուածքին եւ աշխարհի տնտեսութիւններուն վրայ այդ տագնապին ունեցած ազդեցութեան:
Իրենք կարգին, չորս դեսպանները զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին` շեշտելով, որ իրենք պիտի շարունակեն զանազան մարզերու մէջ օժանդակել երկրին:
Անոնք ընդգծեցին իրենց երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:


