Երեւանը հիւրընկալած է ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի մասնակիցները` ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի պետական Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ստանիսլաւ Զաս, որ նշած է , որ խորհուրդի նիստը կարելիութիւն կու տայ մշակել որոշումներ ու զարգացնել յարաբերութիւնները երկիրներու միջեւ:
«Վեհաժողովը թոյլ կու տայ ներդաշնակեցնել օրէնսդրութիւնները, մշակել բնորդային օրէնքներ: Երբ կը խօսինք օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման մասին` նախ եւ առաջ անիկա կը վերաբերի ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին, ռազմաքաղաքական համագործակցութեան, խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան եւ այլ հարցերու», ըսած է Վոլոտինը` աւելցնելով, որ խորհուրդի նիստի աշխատանքները սովորաբար կը սկսին ՀԱՊԿ-ը նախագահող երկրի առաջնահերթութիւններու քննարկումներէն:
Այնուհետեւ հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներու զարգացման, Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ: