Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու անցեալ շաբաթ վեհափառ հայրապետին Սուրիա կատարած այցելութեան, նախագահ Պաշշար Ասատին հետ ունեցած իր հանդիպումին եւ ապա Տէր Զօր այցելութեան:
Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանին` իր այցելութեան գծով Սուրիոյ նախագահին ու պետական պատասխանատուներուն ցուցաբերած խոր յարգանքին եւ ջերմ հիւրասիրութեան համար, սուրիական սահմանէն սկսեալ մինչեւ Դամասկոս ու ապա Տէր Զօր: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ նախագահ Ասատին ու պետութեան ցուցաբերած վստահութեան եւ աջակցութեան համար:
Սուրիոյ դեսպանը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` վեհափառ հայրապետին մօտ: Ան անգամ մը եւս վստահեցուց, թէ Սուրիոյ հայութիւնը, իբրեւ անբաժան մասը սուրիական հայրենիքին, կարեւոր դեր ունեցած է եւ պէտք է շարունակէ ունենալ Սուրիոյ վերածաղկումի աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս տնտեսական ու ճարտարարուեստական մարզերուն մէջ:
Ապա, դեսպանն ու երեսփոխան Բագրատունին ճաշի հիւրը եղան վեհափառին:
Անցեալ շաբաթ Դամասկոս այցելութեան, նախագահ Ասատի հետ հանդիպման եւ ապա Տէր Զօր այցելութեան, վեհափառ հայրապետին ընկերակցած էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Սումպուլ Սումպուլեան, Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ համայնքի պետական երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան եւ համայնքային այլ պատասխանատուներ:
Յայտնենք, որ շարք մը նկատումներէ ու իրողութիւններէ մեկնած, վեհափառ հայրապետին Տէր Զօր կատարած այցելութիւնը պետական թէ հայ պատասխանատուներուն կողմէ նկատուած էր պատմական:
Նաեւ` Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը
Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազեն: Վեհափառին հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ գտնուող դեսպանը նախ յայտնեց Վատիկանի ունեցած բարձր յարգանքը վեհափառ հայրապետին նկատմամբ եւ փոխանցեց Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ողջոյնները: Ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք Վատիկանի կատարած աշխատանքները միջազգային համայնքին մէջ` Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերուն գծով:
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր արժեւորումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին ներկայ կացութեան, յատկապէս երեսփոխանական վերջին ընտրութենէն ետք: Միաժամանակ, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իրեն այցելող օտար դեսպաններուն տեսակէտները` Լիբանանը ներկայ տագնապէն դուրս բերելու աշխատանքներուն ուղղութեամբ: