Գլխաւոր լուրեր

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր.   «Ապագայ Լրագրող»-ներու Ծրագիրը  Վերսկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրող»-ներու Ծրագիրը Վերսկսաւ Իր Աշխատանքներուն

«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ երէկ վերսկսաւ «Ապագայ լրագրող»-ներու լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ առկախուած էր «Քորոնա» համավարակի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Ծրագիրին վերջին փուլը արդէն իսկ ընթացք առած է եւ անիկա կ՛իրականանայ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին: Հանդիպումին ընթացքին «Ապագայ լրագրող»-ները ծանօթացան յառաջիկայ շաբաթներուն կատարուելիք աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր վերաքաղ մը կատարեցին այն նիւթերուն, որոնց հետեւած էին տարբեր դասախօսութիւններու...

Ակնարկ.   Խորհրդարանի Համապատկեր  Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Ակնարկ. Խորհրդարանի Համապատկեր Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը ընտրեց իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը: Խորհրդարանական նախկին մեծամասնութեան դիմագիծը պահպանուած է ընդհանրապէս: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրեակին խորհրդարանական ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու ներկայացուցիչներ շտապեցին յայտարարելու, որ շրջուած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Յայտարարութիւնը աւելի քարոզչական բնոյթ ունէր, պարզ այն պատճառով, որ ընտրուած թեկնածուներու պատկանելիութիւններու կամ քաղաքական արեւելումներու ճիշդ հաշուարկը չէր կատարուած: Խնդիրը այս պարագային այն էր, որ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն...

15 Ուժեր Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն  Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Յայտարարութեան

15 Ուժեր Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Յայտարարութեան

Արտախորհրդարանական 15 ուժեր քննարկած են եւ հրապարակած միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտեն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ` ընդդիմութեան նախաձեռնած 3 յունիսի Ազգային ժողովի նիստի տապալումը եւ զօրակցութիւն կը յայտնեն ընդդիմութեան հեղինակած` հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին յայտարարութեան մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն: Միաւորուած ուժերն են` ԱԻՄ-ը, 5165 շարժումը, Երկիր ծիրանին, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը, ՀԺԱՄ-ը, Ինտելեկտուալ Հայաստանը, Ազգային անվտանգութիւնը, Ազատութիւնը, «Զարթօնք»-ը, Ազգային...

Սուրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրներուն Պատճէնը Յանձնած Է  Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին

Սուրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրներուն Պատճէնը Յանձնած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին

2 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ նոր նշանակուած դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան իր հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին: Նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Արիսեանը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան դիւանագիտական իր գործունէութիւնը կը ծառայեցնէ հայ-սուրիական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման: Զրուցակիցները արժեւորած են փոխադարձ համակրանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական, բարեկամական կապերը: Այս առումով...

Խորհրդարանական Պարտադիր  Խորհրդակցութիւնները` Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին

Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները` Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին

Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէնութեան յղեց նորընտիր երեսփոխաններուն անուանացանկը` երեսփոխանական պլոքներու եւ անկախ երեսփոխաններու համաձայն: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենան վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որպէսզի նորընտիր երեսփոխաններն ու պլոքները կարելիութիւն ունենան սերտելու այն անձնաւորութիւնը, որուն անունը պիտի առաջադրեն վարչապետի պաշտօնին համար: Լաւատեղեակ կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ շրջանառութեան մէջ դրուած կեցուածքները ցոյց կու տան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 2 յունիս 2022-ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ: Հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջհամայնքային գործակցութեան ու ընկերային-տնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց ընկերային-տնտեսական տագնապի լուծման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը եւ...

Բաբայեան. «Արցախի Գոյութիւնը  Աշխարհաքաղաքական  Հաւասարակշռութեան Պահպանման  Կարեւորագոյն Գործօն Է»

Բաբայեան. «Արցախի Գոյութիւնը Աշխարհաքաղաքական Հաւասարակշռութեան Պահպանման Կարեւորագոյն Գործօն Է»

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հրապարակած է գրութիւն մը, ուր  Արցախի գոյութիւնը կը նկատէ շրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօն: Ան նշեց, որ եթէ չըլլայ Արցախը, ապա արմատապէս կը փոխուի աշխարհաքաղաքական դաշտանկարը Անդրկովկասի մէջ, իսկ անկէ ետք` նաեւ յարակից շրջաններուն մէջ, որմէ ետք գործնականօրէն անկարելի կ՛ըլլայ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումը` աւանդական միջոցներով (աշխարհառազմավարական հակակշիռներու համակարգ եւ...

Հայաստանն Ու Սէուտական Արաբիան Քննարկած Են  Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Հայաստանն Ու Սէուտական Արաբիան Քննարկած Են Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակից Ատէլ Ժուպէյրիի հետ: Կողմերը քննարկած են Հայաստանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համագործակցութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգերու ձեւաւորման, յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: Հաղորդակցութեան ընթացքին նշուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը: Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին տեղեկացուցած է, որ Հայաստան կ՛աջակցի  «World Expo...

Միջազգային Համաժողով` Հայաստանի  Ամերիկեան Համալսարանի Մէջ.  «Ազրպէյճանը Որեւէ Պատասխանատուութեան  Չէ Ենթարկուած  Իր Յանցագործութիւններուն Համար»

Միջազգային Համաժողով` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Մէջ. «Ազրպէյճանը Որեւէ Պատասխանատուութեան Չէ Ենթարկուած Իր Յանցագործութիւններուն Համար»

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է  «Մարդկային իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն. պատերազմի հետեւանքները» խորագիրով առաջին միջազգային համաժողովը, որ նուիրուած է  2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած մարդկային իրաւունքներու ճգնաժամին: Ազրպէյճանը որեւէ պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած 2020-ին Արցախի դէմ լայնածաւալ զինուորական յարձակման ընթացքին եւ անկէ ետք գործադրուած յանցագործութիւններուն համար, ինչ որ կը խրախուսէ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը շարունակելու Արցախի...

Հաղորդագրութիւն. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

Հաղորդագրութիւն. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Պրն. Արթիւր Թովմասեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Արթուր Մոսիեանը, Արցախի արտաքին գործերու փոխնախարար՝ Տիկին Արմինէ Ալեքսանեանն ու Ազգային Ժողովի խորհրդատու անդամ՝ Պրն....

«Դիմադրութեան» Շարժումի Ներկայացուցիչները  Ժողովուրդին Կը Ներկայացնեն Ընդդիմադիր  Խմբակցութիւններուն Առաջադրած  Յայտարարութեան Դրոյթները

«Դիմադրութեան» Շարժումի Ներկայացուցիչները Ժողովուրդին Կը Ներկայացնեն Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններուն Առաջադրած Յայտարարութեան Դրոյթները

Երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիսին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը: Ելոյթներով հանդէս եկան բժիշկ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Կամսար Բադալեան, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արեգնազ Մանուկեան եւ Ասպրամ Կրպէեան: Կրպէեան յայտարարեց, որ իրենք երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ արձանագրած են, որ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած անձը վախկոտ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Պիտի Չմասնակցի Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ: Նշենք, որ Յ. Բագրատունի երկրորդ նստաշրջանի մը համար պիտի ստանձնէ դիւանի խորհրդականի պաշտօնավարութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան 2018-ին դարձեալ ընտրուած էր նոյն պաշտօնին համար:

Նեպիհ Պըրրի 7-րդ Նստաշրջանի Համար  Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ

Նեպիհ Պըրրի 7-րդ Նստաշրջանի Համար Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց լիագումար իր նիստը, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի նախագահը, փոխնախագահը, երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները: Ներկայ էին մեծ թիւով դեսպաններ, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա եւ պետական այլ պաշտօնատարներ: Փոփոխութեան երեսփոխանները, թիւով 13, խորհրդարան ուղղուեցան քալելով` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներուն: Նախքան խորհրդարան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ասպետի Կարգի Շքանշանով  Պարգեւատրեց Վահէ Յովակիմեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ասպետի Կարգի Շքանշանով Պարգեւատրեց Վահէ Յովակիմեանը

Կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն, ձեռնադրեալ քահանան կ՛ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան: Ձեռնադրութենէն ետք, դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ի պատիւ նորաօծ երեք աբեղաներուն տեղի ունեցաւ աւանդական պտղասեղան-ընթրիքը, գլխաւորութեամբ...

Շողեր Մարկոսեան Կը Նշանակուի Օգնական Տնօրէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին

Շողեր Մարկոսեան Կը Նշանակուի Օգնական Տնօրէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Շողեր Մարկոսեանին նշանակումը` որպէս բաժանմունքի օգնական տնօրէն: Ան հիմնարկութեան հետ կը գործակցի որպէս խորհրդատու` 2018 թուականէն ի վեր: Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա` Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ: Աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ: Մշակած...

Ծաղիկներու Զետեղում Եւ Ինքնաշարժներու Երթ`  Սարդարապատէն Եւ Բաշ Ապարանէն

Ծաղիկներու Զետեղում Եւ Ինքնաշարժներու Երթ` Սարդարապատէն Եւ Բաշ Ապարանէն

28 մայիսին Սարդարապատէն եւ Բաշ Ապարանէն տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման ինքնաշարժներու երթ, որ աւելի ուշ հասաւ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանրահաւաք: Ապարանի մէջ շարժման մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին զօրավար Դրոյի յիշատակին: Յատկանշական է, որ հոն էին նաեւ Դրաստամատ Կանայեանի թոռը` Ֆիլիպ Կանայեան եւ Արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան: Անոնք հպարտութիւն յայտնեցին, որ կը գտնուին «Դիմադրութեան» շարժման...

«Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ».  Բազմահազարանոց Երթ Ու Հանրահաւաք  Ստեփանակերտի Մէջ

«Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ». Բազմահազարանոց Երթ Ու Հանրահաւաք Ստեփանակերտի Մէջ

Մայիս 28-ին` հայոց պետականութեան վերականգնման օրը, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բազմահազարանոց երթ, որմէ ետք` հանրահաւաք: Երթին մասնակիցները Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ», «Պայքար յանուն Արցախի», «Նիկոլ դաւաճան» կոչերով, «Զարթնի՛ր, լաօ» եւ այլ հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր կայացաւ հանրահաւաք, արտասանուեցան խօսքեր: Ճամբուն վրայ երթին միացան տարբեր խումբեր` վերահաստատելով ազատ Արցախի մէջ ապրելու իրենց կամքը:...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով  Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան  Անկախութեան 104-րդ Ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 104-րդ Ամեակը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան տողանցք, որ եկաւ խանդավառութիւն, դրական ներուժ եւ յոյս ներարկելու լիբանանեան վերջին երկու տարիներու ծանր առօրեայով ապրող եւ «Քորոնա»-ի սահմանափակումներուն պատճառով համախմբումներէ զրկուած,...

Ազգային Երգերու Համերգ «Շնորհալի»  Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Ազգային Երգերու Համերգ «Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, շաբաթ 28 մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ ազգային երգերու համերգ` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 28 մայիս 2022-ը Հայաստանի...

Հայաստանի Հանրապետութեան  104-ամեակն Ու Արամ Ա. Հայրապետին Անուանակոչութիւնը  Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 104-ամեակն Ու Արամ Ա. Հայրապետին Անուանակոչութիւնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագի ընթացքին կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ բարձեալն Աստուած, որ ամուր ու...

Page 301 of 797 1 … 300 301 302 … 797

Արխիւներ