Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերտար Քըլըճ Կարս Այցելած Է

July 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճ կիրակի օր իր աշխատանքային խումբին հետ այցելած է Կարս: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «ԿազեթէՔարս»-ը:

Քըլըճ այցելած է Անիի աւերակներ, Կարսի յարակից Պողաթեֆէ գիւղին մէջ գործող պանիրի թանգարան, Կարսի մէջ գտնուող Պատերազմի պատմութեան թանգարան, եղած է նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի` Աքիաքա գիւղի` այս պահուս չգործող անցակէտ, որմէ քիչ հեռաւորութեան վրայ Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղն ու հայկական կողմի անցակէտն են: Կը հաղորդուի, որ Քըլըճ որոշ հանդիպումներ ունեցած է:

Օրեր առաջ նոյն լրատուամիջոցը հաղորդած էր, որ Հայաստանի հետ սահմանակից հատուածին մէջ իսրայէլեան ընկերութեան կողմէ ականազերծման աշխատանքներ կը կատարուին, ինչ որ պաշտօնապէս չէ հաստատուած:

Թրքական «Քարսոլայ» կայքը, սակայն, երէկ հաղորդեց, որ Կարսի Արփաչայ շրջանի սահմանամերձ հատուածին մէջ ականազերծման աշխատանքներուն ժամանակ պայթում տեղի ունեցած է:

Պայթումին պատճառով վիրաւորուած է ականազերծում կատարող ընկերութեան աշխատակիցը, որ արագ տեղափոխուած է հիւանդանոց:

 

Նախորդը

Երկրին Քաղաքական Գործընթացները Կը Մնան Սառած, Իսկ Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան Փողոց

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Արգիլելու Իրական Պատճառները 3 Են»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.