9 նոյեմբերի պայմանագիրը չենք կրնար չեղեալ նկատել, որովհետեւ բացի գերիներու մասին կէտէն, մնացածը իրականութիւն է եւ փաստ: «Կիզակէտում Արկադի Գրիգորեանի հետ» հաղորդման ժամանակ նման տեսակէտ յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
«Հաշուի առնելով, որ Փաշինեանը դրժած է Արցախի ճակատագիրի եւ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին խոստումները, որ տուած էր ընտրութիւններուն ժամանակ, ուստի ան չունի ժողովուրդին կողմէ բանակցութիւններ վարելու լիազօրութիւն: Եւ իշխանափոխութեան պարագային, յաջորդ իշխանութիւնը պէտք է անոր բոլոր պայմանաւորուածութիւնները չեղեալ նկատէ: 9 նոյեմբերի պայմանագիրի ի՞նչը չեղեալ նկատենք, բացի գերիներու վերադարձի մասին կէտէն մնացածը արդէն իրականացած է: 9 նոյեմբերը մեզի համար անընդունելի, դաւաճանական ու յանձնուողական փաստաթուղթ է, սակայն այնքան տկարացուցած են բանակն ու երկիրը, որ լուրջ չէ խօսիլ ինչ որ բան ետ բերելու մասին: Հիմա ասոնց պէտք է հեռացնենք, որպէսզի նոր պարտուողական համաձայնագիրը կանխենք», նշած է Սաղաթէլեան:
Անդրադառնալով Դիմադրութիւն շարժման ապագայ ծրագիրներուն` Սաղաթէլեանը վստահեցուցած է, որ իրենք ետքայլ պիտի չընեն, եւ առնուանզ ՀՅԴ-ն, մինակ, թէ միւս ուժերուն հետ, պիտի երթայ մինչեւ վերջ:
«Ով ետքայլ ընէ, Նիկոլ է», ըսած է Սաղաթէլեան:


