Խմբագրական. Նոր Էջ Բանալու Համար (Մայիս 28-ի Առիթով)
Մայիսքսանութեան այժմէական խորհուրդը ամէնէն ուշագրաւ կերպով կը կեդրոնանայ մեր երկրի գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման այսօրուան հրամայականին վրայ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք երկիրը վերայայտնուեցաւ թրքական եւ ազրպէյճանական աքցանին մէկ կողմէ, եւ ռուս-թրքական ռազմավարական մերձեցման գործողութիւններու հետեւանքները կրելու իրականութեան առջեւ` միւս կողմէ: Հիմա շատ կը շահարկուին Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի դաշնագիրները կամ հողային կորուստներու խնդիրը` Ա. Հանրապետութեան անկման օրերուն: Պատմաքաղաքական հանգամանքները բոլորովին տարբեր են:...




















