Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերուն Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Սարդարապատ

Յուլիս 27, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու վեցերորդ օրը մրցումները դադար առին, եւ օրը յատկացուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ այցելութեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, երեքշաբթի, 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մարզախաղերուն մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

Ծիծեռնակաբերդ հասնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ կեդրոնական յուշակոթող եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին շուրջ: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան զետեղեց յիշատակի ծաղկեպսակ մը:

Յուշակոթողին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, որ «այսօր Ապրիլ 24 չէ, այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի աւանդական օրը չէ, բայց արդեօք 24 Ապրի՞լ պէտք է ըլլայ, որպէսզի յարգանքի մեր տուրքը տանք մեր նահատակներուն, որոնք հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան անքակտելի մէկ մասնիկը կը կազմեն»:

Շարունակելով` Թալին Օրտողլեան հաստատեց, որ Ծիծեռնակաբերդը ազգային պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է: Ծիծեռնակաբերդը մնայուն հանգրուանն ու կայանն է իւրաքանչիւր հայու` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս` սփիւռքի տարբեր ափերու: Ծիծեռնակաբերդը այն փարոսն է, որ տուն կը հրաւիրէ բոլորս` ո՛ւր ալ գտնուինք, ու կարելի չէ երեւակայել, որ Հայաստան այցելող ոեւէ հայ կրնայ չայցելել Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք սուրբերու շարքին անցան:

Թալին Օրտողլեան նաեւ նկատել տուաւ. «Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համար յաւելեալ նշանակութիւն ալ ունի այս վայրը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի ստեղծման միտքը յղացող ու անոր ծնունդը կերտող Շաւարշ Քրիսեան դարձաւ Ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն: Ու զարմանալի չէ անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական ամէն ծրագիրի մնայուն մէկ բաժինն է Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը»:

Ապա, Օրտողլեան յիշեցուց, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն ջահը բոցավառեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողէն, հետեւաբար, ան շեշտեց. «Այդ ջահը սակայն միայն խաղերը սկսելու ազդանշան չէ, անիկա իր մէջ կը պարփակէ ամբողջ ժողովուրդի մը պահանջատիրութեան բոցը, որ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի: Հոգի, մարմին ու միտք կոփող ու հայ առաքինի մարդ կերտող ՀՄԸՄ-ը իր կամաւոր  ամբողջ բանակը ի սպաս կը դնէ Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին: ՀՄԸՄ-ական մարզիկն ու սկաուտը իրենց խոստումով ու երդումով եւ իրենց ջամբուած դաստիարակութեամբ կը միտին դառնալ այն պահանջատէր հայը, որ չի մոռնար իր դատը եւ ամէն ինչ ի գործ կը դնէ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման: ՀՄԸՄ-ական մարզիկը չորս տարին անգամ մը Հայաստան գալով եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով կը վերանորոգէ ազգին ծառայելու ու անոր դատը հետապնդելու իր նուիրական ուխտը: Այսօր դարձեալ այդ ուխտը վերանորոգելու պահն է այս անմար ու յաւերժական կրակին դիմաց: 11-րդ մարզախաղերու ջահը վառեցաւ այս վայրէն ու պիտի շարունակէ վառիլ ու բոցավառիլ չորս տարին անգամ մը, ու այնքան ատեն որ այդ ջահը կը շարունակէ իր անխափան երթը` փոխանցուելով սերունդէ-սերունդ` պահանջատիրութեան երթն ալ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման»:

Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ ներկաները երգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը: Ապա, խումբ առ խումբ անոնք այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու յաջորդ կանգառը Սարդարապատն էր: Սակայն, նախքան Սարդարապատ մեկնումը, անոնք կէսօրին այցելեցին «Մեկերեան» աւանդական գորգի թանգարան-գործարան, ապա ճաշեցին թանգարանին յատուկ ճաշարանին մէջ:

Սարդարապատի Մէջ

Յետմիջօրէին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատ եւ այս անգամ ծանօթացան 1918-ի պատմական սխրանքը անմահացուցած յուշարձան-համալիրին` իր նշանաւոր պատով, զանգակատունով եւ հոյակերտ արծիւներով: Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, ուր մօտէն ծանօթացան հայոց հին եւ մօտիկ անցեալի պատմութեան ցուցանմուշներուն: Թանգարանին պատասխանատուները աշխարհի 20 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն լայն բացատրութիւններ տուին Սարդարապատի հերոսամարտի պայմաններուն, հերոսներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան մասին:

Աւարտին, մարզիկ-մարզիկուհիները Սարդարապատին հրաժեշտ տուին յիշատակի նկարով մը:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Իմանային…» Պիտի Կրկնէին Իրենց Արարքը, Որովհետեւ Երազի Տղաք Էին (Լիզպոն 39-Ամեակ)

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Այցելեց Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?