Գլխաւոր լուրեր

Խօսելով Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Մասին`  «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Յառաջընթացին Տարբեր Միջոցներով Աջակցելու, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

Սպիտակ Տունը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանին 17 Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադաձած է Ազրպէյճանի` Հայաստանին 17 պատերազմական գերիներ վերադարձնելուն: «Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի կողմէ վերջին բռնութիւններէն 17 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ տեւական խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու շարունակական ջանքերուն», գրած է Սալիվըն: Յիշեցնենք, որ 4 հոկտեմբերին ազրպէյճանական կողմը Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հայկական կողմին վերադարձուցած էր 17 հայ պատերազմական...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութիւն. «Իշխանութիւնը Հայ Ժողովուրդը Կը Նախապատրաստէ Նոր` Մահացու Զիջումներու»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Ազրպէյճանը, օգտուելով Հայաստանի օրուայ իշխանութիւնների յանցաւոր անգործութիւնից ու մուրացկանային քաղաքականութիւնից, ոտնձգութիւններ է իրականացնում մեր երկրի նկատմամբ: Բռնագրաւուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները, վտանգուած է մեր ինքնիշխանութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների կեանքի իրաւունքը: Միեւնոյն ժամանակ արձանագրում ենք «խաղաղութեան դարաշրջան» խոստացած ու այդ խոստմամբ խաբէութեամբ քուէ կորզած օրուայ իշխանութիւնների լիակատար ձախողումն...

Ակնարկ.   Հակասական Պատկերներ` «Համաձայնող» Կողմերուն Մօտ

Ակնարկ. Հակասական Պատկերներ` «Համաձայնող» Կողմերուն Մօտ

Դիւանագիտական եռուզեռ կ՛արձանագրուի Պէյրութի մէջ: Լաւատեսական յայտարարութիւններ վերստին կը հնչեն տարբեր կողմերէ` ծովային սահմանազատման մօտալուտ ըլլալուն մասին: Ամերիկացի բանագնացը անընդհատ նամակներ կը ստանձնէ, կը վերախմբագրէ, դարձեալ կը ներկայացնէ: Այս արարին, Լիբանանը կը պահէ իր միասնականութիւնը: Հանրապետութեան նախագահն ու օրէսնդիրի եւ գործադիրի ղեկավարները միաձայն են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն լիբանանեան իրաւունքներէն չզիջելու, ազգային-պետական շահերէ թելադրուած համաձայնութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու առումով: Արդարեւ, Լիբանանի...

Ազրպէյճանը Հայաստան Վերադարձուցած Է  13 Սեպտեմբերէն Ետք Գերեվարուած 17 Անձեր

Ազրպէյճանը Հայաստան Վերադարձուցած Է 13 Սեպտեմբերէն Ետք Գերեվարուած 17 Անձեր

Ազրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնած է 13 սեպտեմբերէն ետք հայ-ազրպէյճանական սահմանային արիւնալի բախումներուն ընթացքին գերեվարուած անձեր, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ մանրամասնեց, որ ազրպէյճանական կողմը Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հայկական կողմին վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերիներ` նշելով անոնց անուն-մականունները: Ըստ միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի` Ազրպէյճան հաստատած է, որ...

Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ՛ուղղեն Պատժելու  Հայ Պատերազմական Գերիները Սպաննողները

Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ՛ուղղեն Պատժելու Հայ Պատերազմական Գերիները Սպաննողները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են վերջին հաղորդագրութիւններով, որ ազրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի ենթարկած են անզէն հայ գերիները: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք լիարժէք եւ անաչառ հետաքննութիւն կատարելու: Որեւէ վայրագութեան մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»: Կիրակի օր համացանցի վրայ տարածուած էր տեսագրութիւն մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորները դաժանաբար կը գնդակահարեն գերեվարուած անզէն...

Շիա Կը Թելադրէ Ծովային Սահմանագծումին  Մասին Լիբանանի Պատասխանը Արագացնել

Շիա Կը Թելադրէ Ծովային Սահմանագծումին Մասին Լիբանանի Պատասխանը Արագացնել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւններուն, յատկապէս Պաապտայի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ արձանագրուած դիտողութիւնները սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին փոխանցելու քայլերուն: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն ներկայացուց նախագահական պալատին մէջ նախանցեալ օր տեղի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական  Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Հայ Գերիներու Գնդակահարումը Եւ Հաշուետուութեան Ենթարկելու Պատասխանատուները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ անոր ուշադրութեան հրաւիրեց 2 հոկտեմբերին ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած հայ պատերազմական գերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթը: Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի` 13 սեպտեմբերին շղթայազերծած չհրահրուած յարձակումի ընթացքին 4 հայ կին զինուորներու դէմ պատերազմական...

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդ.  «Պատրաստ Ենք Ազրպէյճանի Հետ  Բանակցութիւններ Վարելու` Արցախը  Իբրեւ Լիիրաւ Կողմ Ճանչնալու Պարագային»

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Պատրաստ Ենք Ազրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններ Վարելու` Արցախը Իբրեւ Լիիրաւ Կողմ Ճանչնալու Պարագային»

«Այնքան ատեն որ Արցախը չէ ընդգրկուած տագնապի լուծման գործընթացին մէջ լիիրաւ հիմունքներով եւ միջազգային բարձր ձեւաչափի շրջանակներու մէջ, Հայաստանը պարտաւորուած ու լիազօրուած է ներկայացնելու եւ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը միջազգային հարթակներուն մէջ», նշուած է Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմի յայտարարութեան մէջ: «Այդ պարտաւորութիւններն ու լիազօրութիւններն ամրագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ներպետական եւ միջազգային շարք մը փաստաթուղթերով, որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպեցաւ Գանատայի NDP Կուսակցութեան Ղեկավար Ճակմիդ Սինկի Հետ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպեցաւ Գանատայի NDP Կուսակցութեան Ղեկավար Ճակմիդ Սինկի Հետ

1 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի  պատուիրակութիւնը Վանքուվըրի մէջ յատուկ հանդիպում ունեցան Քանատայի Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիդ Սինկի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան իրավիճակի հարցերը: ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի այսօրուան ճգնաժամին եւ շեշտեց, որ Նոր...

Ազրպէյճան Դարձեալ Խախտեց  Զինադադարի Դրութիւնը

Ազրպէյճան Դարձեալ Խախտեց Զինադադարի Դրութիւնը

3 հոկտեմբերի ժամը 21:30-ի սահմաններուն մէջ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրարկումով կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան», կը յայտնէ նախարարութիւնը:  

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը մեծ ցաւով գուժում է Շաղիկ Մարուխեանի մահը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը մեծ ցաւով գուժում է նուիրեալ դաշնակցական Շաղիկ Մարուխեանի մահը: Ընկերուհի Շաղիկը մանկութեան տարիներին ապրել է Լիբանանում, Յունաստանում, ուսանել Փարիզի Սորպոնի համալսարանում, ապա հաստատուել Երեւանում: Հաւատարիմ հօր եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի որդեգրած ուղեգծին` Շաղիկ Մարուխեանը մշտապէս եղել է անկախ Հայաստանի զինուորը: Արցախում, Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական ծրագրերում, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան օրգան «Երկիր » պաշտօնաթերթում (հանդիսացել է թերթի...

Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով  Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է

Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկին մասին: Դռնփակ հանդիպումէ մը ետք անոնց միացաւ նաեւ սահմանագծումի թեքնիք մանրամասնութիւնները սերտող յանձնախումբը: Հոքշթայնի առաջարկը որդեգրած է Լիբանանին ներկայացուցած դիտողութիւնները եւ...

Կոչ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 83-րդ Շրջանային Ժողովի

Անցնող շաբաթավերջին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա) 83-րդ Շրջանային Ժողովը, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ընթացաւարտ ԿԿ-ի, Ալֆորվիլի, Առնուվիլի, Իսի Լէ Մուլինոյի, Փարիզի, Լիոնի, Վալանսի, Մարսէյի, Պրիւքսէլի, Ալմելոյի կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի, ՀՅԴ Հայ Դատի, Պատանեկան Միութեան, Ֆրանս Արմենի-ի, Այբ Էֆ Էմ-ի, Ջաւախքի յանձնախումբի, Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու: Երեք օրերու...

Ակնարկ.   Սահմանագծումը` ԵԱՀԿ-ի Եւ ԱՊՀ-ի Միջեւ

Ակնարկ. Սահմանագծումը` ԵԱՀԿ-ի Եւ ԱՊՀ-ի Միջեւ

Աշխարհագրական եւ քաղաքական տարբեր միջավայրերէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացին առնչութեամբ կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ: Ռուսիոյ նախագահը ազրպէյճանական վերջին յարձակումին առիթով կը հաստատէր, որ խնդրի լուծման բանալին սահմանազատումն է երկու երկիրներու միջեւ Ռուսիոյ երաշխաւորութեամբ: Ֆրանսայի արձագանգը չէր ուշանար: Նախագահ Մաքրոն կ՛ակնարկէր սահմանազատման գործընթացին ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը ներառելուն մասին: Աւելի առաջ Միացեալ Նահանգները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին սահմանազատման աշխատանքներուն իրենց թեքնիք օժանդակութիւնները բերելու:...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

ՀԱՅ Ռազմագերիները Գնդակահարելու Տեսանիւթին Վերաբերեալ Հայաստան Այսօր Դիմումներ Պիտի Ուղարկէ Միջազգային Դատարաններ

Ազրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին առիթով Պաքուի դէմ դիմումներ պիտի ներկայացուին Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարաններ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած գրառումով այս մասին տեղեկացուցած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան: «Ի պատասխան բազմաթիւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու զանգերուն եւ հաղորդագրութիւններուն. Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը կը զբաղի այսօր առաւօտեան թելեկրամեան...

Արձագանգելով Հայ Պատերազմական Գերիները  Մահապատիժի Ենթարկելու Տեսանիւթին`  «Եթէ Այս Տեսանիւթը Իրական Է, Ապա Ասիկա  Պատերազմական Յանցագործութիւն Է»  Կ՛ըսէ Քլաար

Արձագանգելով Հայ Պատերազմական Գերիները Մահապատիժի Ենթարկելու Տեսանիւթին` «Եթէ Այս Տեսանիւթը Իրական Է, Ապա Ասիկա Պատերազմական Յանցագործութիւն Է» Կ՛ըսէ Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է համացանցի վրայ տարածուող տեսանիւթին, թէ ազրպէյճանցիները ինչպէ՛ս մահապատիժի կ՛ենթարկեն հայ պատերազմական գերիները: «Մահապատիժի ենթարկուող հայ պատերազմական գերիներու յաւելեալ սարսափելի տեսանիւթ մը կը տարածուի: Եթէ ապացուցուի, որ այս տեսանիւթը իրական է, ապա ասիկա պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք է հետաքննուի, եւ որուն մեղաւորները պէտք  պատժուին»,...

Միրզոյեան Ռիքըրի Հետ Քննարկեց  Ազրպէյճանի Պատերազմական  Յանցագործութիւնները

Միրզոյեան Ռիքըրի Հետ Քննարկեց Ազրպէյճանի Պատերազմական Յանցագործութիւնները

2 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազրպէյճանի վերջին ռազմական նախայարձակումի մանրամասնութիւնները, կարեւոր նկատած է անոր հետեւանքներու վերացման եւ նոր նախայարձակումներու կանխման գործին մէջ միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու կատարումը,...

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք.  Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը  Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք. Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ ստացաւ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկը: Այս առումով, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ խորհրդակցեցաւ անոնց հետ, որպէսզի  կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային...

Ռուստամեան. «Համախմբուիլ Կարելի Է Միայն  Ազգի Շահերէն Բխող Նպատակներու Շուրջ»

Ռուստամեան. «Համախմբուիլ Կարելի Է Միայն Ազգի Շահերէն Բխող Նպատակներու Շուրջ»

«Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնաթող նախագահներուն հանդիպման վերաբերեալ արդէն յայտնի են Հայաստանի նախկին երեք նախագահներուն կարծիքները: Առաջին նախագահը պնդած է, որ համախմբման վերաբերեալ իր առաջարկը չէ ընդունուած, երկրորդ նախագահը նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակի գնահատման հարցին մէջ ընդհանուր յայտարարի եկած են, սակայն լուծումներու հարցին մէջ` ոչ, երրորդ նախագահը իբրեւ համակողմանի լուծումներ գտնելու կարելիութիւն` հանդիպումը գնահատած է դրական»: Այս նիւթը «Երկիր Մետիա»-ի...

Սաղաթէլեան. «Անհրաժեշտ Է Չեղեալ Նկատել  Փաշինեանի Բոլոր Բանաւոր  Պայմանաւորուածութիւններն Ու Կանխել Երկրորդ  Յանձնուողական Համաձայնագիրը»

Սաղաթէլեան. «Անհրաժեշտ Է Չեղեալ Նկատել Փաշինեանի Բոլոր Բանաւոր Պայմանաւորուածութիւններն Ու Կանխել Երկրորդ Յանձնուողական Համաձայնագիրը»

«Զէնք ալ կը բերենք, հայրենիքն ալ կը պաշտպանենք. Նիկոլով գերեզման կ՛երթանք»: Այս մասին 24TV-ի «Հարցազրոյց Կարպիս Փաշոյեանի հետ» հաղորդումին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան: Սաղաթէլեանի համոզումով, անհրաժեշտ է չեղեալ նկատել Փաշինեանի բոլոր բանաւոր պայմանաւորուածութիւններն ու կանխել երկրորդ յանձնուողական համաձայնութիւնը: Ըստ անոր, նոյնիսկ 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը պէտք չէ դատավճիռ դառնայ եւ մենք պէտք է...

Page 277 of 796 1 … 276 277 278 … 796

Արխիւներ