Տօնական օրերու սեմին հետզհետէ առաւել եւս կը շեշտուի այն համոզումը, թէ Լիբանանի քաղաքական հարցերուն եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան մօտալուտ իրագործման յոյսերը շիջած են, եւ պէտք է տակաւին ամիսներ սպասել ու տոկալ տիրող աննպաստ կացութեան: Արդարեւ, օր ըստ օրէ այն, ինչ որ քուլիսներու ետին կամ «խիստ գաղտնի» պիտակով կը յղուէր պատկան կողմերուն, այլեւս բացայայտուած է: Այս իմաստով ահազանգի մթնոլորտ յիշեցնող քայլով մը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Մարդկային իրաւանց հարցերու օգնական Օլիվիէ Տը Շոթըր խիստ յոռետես տպաւորութեամբ արտայայտուեցաւ Լիբանանի յատկապէս ելեւմտական կացութեան մասին: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը, որ վերջերս Լիբանան այցելած էր, զեկուցում մը պատրաստած է Լիբանանի ելեւմտական կացութեան մասին եւ այս գծով զեկուցած Պրիւքսելի խորհրդարանին մէջ: Շոթըր «Մարդկութեան դէմ ոճիր» որակած է Լիբանանի մէջ պատահած եւ պատահող ելեւմտական շրջանառութիւններն ու ընդհանուր իրավիճակը: Բնականաբար, այս զեկուցումը իր փաստարկեալ հիմնաւորումներով, յետ քննութեան ու վերանայումի կրնայ յանգիլ պատժամիջոցներու տնօրինման` խնդրոյ առարկայ լիբանանցի պատասխանատուներուն նկատմամբ: Քայլ մը, որուն իրականացման պարագային Լիբանանի ելեւմտական ու տնտեսական վիճակը կրնայ դառնալ առաւել մտահոգիչ, եթէ ոչ` քաոսային: Փաստօրէն, ՄԱԿ-ի պատուիրակի զեկուցումը կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ դրամատնային ունեցուածքները 43 առ համեմատութեամբ կը գտնուին քաղաքական առնչակցութիւն ունեցող անձնաւորութիւններու ձեռքը:
Այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի «փրկարար քայլերը», որոնց ծիրին մէջ ան երէկ այցելեց Այն Թինէ եւ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ ՆեպիհՊըրրիի հետ: Մեկնումի պահուն Միքաթի յայտնեց, թէ քննարկած են երկրի ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ, ուր ելեկտրականութեան թղթածրարը առաջնահերթ էր:
Նմանապէս պատկան վարիչներ կը փորձեն հարթել ցցուող ընկերային եւ ապրուստի հրատապ թնճուկները, որոնց նորագոյնը պարզուեցաւ անցնող 24 ժամերուն Լիբանանը հարուածած անձրեւի ու փոթորիկի լոյսին տակ, երբ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ արձանագրուած բազմաթիւ նիւթական կորուստներու կողքին նաեւ երիտասարդ մը զոհ գնաց կայծակի մէկ հարուածին:
Քաղաքական Ճիգերը
Եւս Կը Շարունակուին
Տնտեսական Եւ ապրուստի ոչ նախանձելի իրավիճակին առընթեր, երկրի առնչակից կողմերու վարիչներ կը շարունակեն իրենց ճիգերը տօնական արձակուրդի, թէ աշխատանքային նիստերու պիտակով կատարուող այցելութիւններով: Արդարեւ, նախագահական թղթածրարին առնչակից անձնաւորութիւններու կողքին իմացուեցաւ, թէ Հըզպալլա եւս ներկայացուցիչ պատուիրակներ գործուղած է դէպի Ֆրանսա: Նմանօրինակ գործուղում կատարուած էր նաեւ առնչակից անձնաւորութիւններէն` բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ուղղութեամբ:
Ուշագրաւ մէկ այլ քայլով մը մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան հասած է Հռոմ, ուր շաբթուան մը այցելութեան ընթացքին հոգեւոր նիստերու կողքին առանցքային տեղ կրնայ գրաւել նաեւ Լիբանանի օրակարգը:
Մինչ այդ, դիւանագիտական քուլիսային թէ բացայայտ շփումները կը շարունակուին արտաքին «բանալի» պետութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչպէս` Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու «շարժումները»: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա տեսակցութիւն ունեցած է Լիբանանի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ յատկապէս դատական հարցերու վրայ:
Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ թելադրեց կեդրոնանալ երկրի քաղաքական հարցերուն եւ յատկապէս նախագահի ընտրութեան վրայ, «որովհետեւ նախագահի ընտրութեամբ կարելի է աշխուժացնել երկրի տնտեսական կացութիւնը»: Շէյխ Քասեմ իր խօսքին մէջ երեսփոխանական բոլոր պլոքները պատասխանատու նկատեց երկրին մէջ առկայ քաղաքական եւ տնտեսական աննպաստ կացութեան համար :
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար, դատախազ Պասսամ Մաուլաուի երէկ հանդիպում ունեցաւ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեանի հետ: Խորհրդակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան երկրի ճարտարարուեստական կացութեան եւ զոյգ նախարարութեանց միջեւ գործակցութեան եւ արտադրութիւններու սպառման գծով արծարծուող հարցերու համադրումի քայլերուն վրայ:
Մինչ այդ, ամերիկեան տոլարին սակագինը կը շարունակէ իր «սլացքը»` հասնելով մինչեւ քառասուն հազար 300 լիբ. ոսկիի, երէկ երեկոյեան: