Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հանդիպումը Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Տորըթի Շիայի Հետ
Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Հանդիպման ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Շիային այն աշխատանքին համար, որ ան կատարած է վասն Լիբանանին, յատկապէս ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնի հետ, ծովային սահմաններու սահմանազատման հարցին բանակցութիւններուն առնչութեամբ, որոնք...




















