Նախագահ Աուն. «Նաւթ Եւ Կազ Արտահանելու Մեր Իրաւունքը Պիտի Ստանանք»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Նաշեր» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով նաւթի ու կազի հորատման տարբեր ընկերութիւններ յայտնած էին, թէ չորրորդ նաւթահորին մէջ կրցած են քարիւղ գտնել, սակայն քիչ քանակութեամբ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ անոնք նման յայտարարութիւն կատարած են, որովհետեւ չէին ուզեր, որ Լիբանան իր նաւթը արտահանէ, «սակայն ներկայիս կը գտնուինք այս...




















