Հայաստանը պատրաստակամ է նպաստելու շրջանին մէջ անվտանգային միջավայրի ապահովման, նախանցեալ օր Ֆրանսայի մէջ ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
Գրիգորեան Փարիզ կը գտնուի աշխատանքային այցելութեամբ: Ան հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահի` Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերով խորհրդական Իզապել Դիւմոնի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլոնիի, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետի տեղակալ փոխծովակալ Քրիսթոֆ Լուքայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ:
Ընդգծելով վերջին շրջանին առաւել աշխուժացած Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմանի բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացման ուժականութիւնը` կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած երկխօսութիւնը: