Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ հոլովոյթին ուղղուած հետագայ քայլերուն:
Պայրամով եւ Քլաար քննարկած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Պլինքըն-Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումին արդիւնքները եւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրի առնչուած հարցեր:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Պայրամով ընդգծած է շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը:
Քլաար վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղուած աշխատանքները:


