Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Գնահատականի Բացակայումը Եւ Պրիւքսելի Հանդիպման Չեղարկումը

Նոյեմբեր 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրի Երեւանի կողմէ չստորագրուիլը բնականաբար դուռ բացած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` առանց վրիպելու միջազգային լրատուամիջոցներու եւ մեկնաբաններու ուշադրութենէն:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշ փակագիծեր կը բանար այս առումով, երբ կը յայտնէր, որ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին օգնելու համալիր միջոցառումներ առաջարկած է. առաջարկները կը ներառեն աջակցութեան տարբեր միջոցներ` քաղաքական-դիւանագիտական, ռազմական, որոնց կարգին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին առաքելութեան ուղարկում` իրատեսօրէն գնահատելու համար իրավիճակը:

Այստեղ կ՛ընկալուի այնպէս, որ տակաւին սահմանագիծի երկայնքին տիրող իրավիճակի իրատեսական եւ ճշգրիտ գնահատականը չէ կատարուած: Ըստ էութեան սակայն, հիմնական հանգոյցը` սահմանին վերաբերող քաղաքական գնահատական չտալու,  այլ շարժառիթներ ունի:

Հաստատելէ ետք, որ իրավիճակը սովորական չէ, այն առումով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին գրեթէ ամէն օր փոխադարձ հրաձգութիւններ տեղի կ՛ունենան, ՀԱՊԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ միակ անհամաձայնութիւնը կը վերաբերէր սահմանին գնահատական տալուն:

ՀԱՊԿ-ի ժողովէն ետք եւ այս յայտարարութիւններէն առաջ, Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարեց, որ Փարիզը չի կրնար միջնորդական առաքելութեան մաս կազմել, որովհետեւ դիրքորոշուած է հայկական կողմին ի նպաստ: Թէ՛ նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, թէ՛ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին ըսածները եւ թէ՛ Ծերակոյտի բանաձեւը բաւական առաջ էին. Պրիւքսելի հանդիպումն ալ` նախապէս ճշդուած: ՀԱՊԿ-ի ժողովէն ետք է միայն, որ վեթոյի համապատասխան յայտարարութիւն կը կատարէ Ալիեւը Ֆրանսայի ուղղութեամբ:

ՀԱՊԿ-ը, որ իրողապէս կը ղեկավարուի Մոսկուայի կողմէ, քաղաքական գնահատական եթէ տար,  խնդրոյ առարկայ կրնար դառնալ նաեւ Մոսկուայի միջնորդութիւնը: Այստեղ լուռ համաձայնութիւնը աշխարհաքաղաքական օրակարգի կը վերաբերի եւ ոչ թէ սոսկ  Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին:

Աւելի՛ն. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ճակատագրին մասին անորոշ ձեւակերպումներ կը յայտարարուին: Ազրպէյճանի համար մեռեալ տարր է այդ ձեւաչափը, Մոսկուան նախապէս զուսպ, այնուհետեւ գրեթէ նոյնացուց իր դիրքորոշումը, իսկ Ուաշինկթընը խառն պատգամ փոխանցեց` ձեւաչափը չի գործարկուիր,  սակայն կը պահէ իր լիազօրութիւնները:

Պրիւքսելի քառակողմի երեւոյթը ենթադրել կու տար Պրիւքսելի առընթեր Փարիզին առաքելութիւն ստանձնելը: Հիմա Փարիզի դուրս մղումն է, որ տեղի կ՛ունենայ:

Միացել Նահանգները մինչեւ ուաշինկթընեան եռակողմը ի՛նք եւս հասցէականութեամբ կը յատկանշէր իր յայտարարութիւնները` պահանջելով ազրպէյճանական զօրքերու վերադարձը ելման կէտեր: Ուաշինկթընի եռակողմին առիթով հրապարակուած  յայտարարութիւնները այդ պահանջը չէին ներառած: Ուաշինկթընը հաւասար հեռաւորութեան խաղի կանոնի պահպանումով հեռանկար ունէր իբրեւ միջնորդ վերադառնալու:

Եւրոպական դէտեր մշտադիտարկման, ապա փաստահաւաքի, ապա կարիքներու ուսմնասիրութեան առաքելութիւններով փութացին սահմանի հայաստանեան հատուած: Ազրպէյճանը բողոքեց: Հիմա ՀԱՊԿ-ի ներկայացուցիչը կը խօսի սահմանի երկկողմանի գօտիներուն վրայ առաքելութիւն ուղարկելու մասին. փաստահաւաք առաքելութիւն` իրատեսական գնահատականի թղթածրարը պատրաստելու համար:

Միացեալ Նահանգներու մասով նկատենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը վերջերս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու գծով խորհրդական, դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը: Հետաքրքրական է, որ պաշտօնական լրահոսին մէջ չի նշուիր Ռիքըրի երկրորդ հանգամանքը` Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախագահը: Հաղորդագրութեան մէջ ձեւակերպուած այն բաժինը, թէ` բարձր  գնահատուած է այն փաստը, որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը  մշտական ուշադրութեան ներքոյ կը պահէ Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, կը կապուի միջնորդի դերի վերստանձնման հեռանկարին:

Խնդիրը էապէս աշխարհաքաղաքական է: Սահմանային գօտիին գնահատական տալ-չտալը պէտք է դիտարկել Հարաւային Կովկասի մէջ միջնորդական հակամարտութեան տեսքով, բայց ըստ էութեան ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարով յատկանշուող իրադարձութիւններու տրամաբանութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Ընկերվար Միջազգայնականի Համագումարը Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է

Յաջորդը

«Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Հատորը Լոյս Տեսաւ

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In