Շաբաթ օր տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ եւ Փութին քննարկած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման ուղղուած հետագայ քայլերը:
Քննարկման ընթացքին զրուցակիցները կեդրոնացած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերուն վրայ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Փութին եւ Ալիեւ նախորդ անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էին 22 նոյեմբերին: Յաջորդ օր` 23 նոյեմբերին Փութին մեկնած էր Երեւան, ուր ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:


