Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մատրիտի Մէջ. ՀՅ Դաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ Համագումարի Աշխատանքներուն

November 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարիօ Նալպանտեան Վերընտրուեցաւ
Կազմակերպութեան Փոխնախագահ

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 25-27 նոյեմբեր Մատրիտի մէջ մասնակցեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի եւ համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարի եւ խորհուրդի նիստերը Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քաղաքական իրադարձութիւններն են, երբ կ՛ընտրուի կազմակերպութեան նոր ղեկավարութիւն, կը ճշդուին յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

Սոյն նստաշրջանին կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներու մօտ 400 պատուիրակներ, ներառեալ Սպանիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ վարչապետները, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

ՀՅԴ պատուիրակութեան կ՛անդամակցէին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Երիտասարդ ընկերվարականներու միջազգային միութեան փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 26 նոյեմբերի առաւօտեան հանդիպում եւ միտքերու փոխանակում ունեցաւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ, որ նախօրէին ընտրուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ շնորհաւորեց Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը` Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան Սպանիոյ վարչապետին փոխանցած է Արցախի Հանրապետութեան քարտէսագիրքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին կողմէ վերընտրուեցաւ իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ պահպանել մոլորակի մեծագոյն փոխնախագահի պաշտօնը. այս մասին Մատրիտէն կը յայտնէ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

Յայտնենք նաեւ, որ համագումարի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, որ շեշտը դրաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը ամբողջութեամբ :

Նախորդը

Ալիեւ Եւ Փութին Քննարկած Են Հայ-Ռուս-Ազրպէյճանական Համաձայնութիւններու Կատարման Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 28 Նոյեմբեր 2022)

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.