Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպումներ Ունեցած Է Արցախի Հանրապետութեան Ղեկավարութեան Հետ

Նոյեմբեր 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Արցախի Հանրապետութիւն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներուն մէջ հանդիպումներ ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ:

Քննարկումներու առանցքը եւ շեշտադրումը եղած է ՀՅԴ համահայկական կառոյցի ամբողջ ներուժի ներդրումը ի սպաս Արցախի: Արտաքին ճակատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը: Տէր Խաչատուրեանը յստակ նշած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակն է գործադրել ամէն ինչ` մոռացութեան չմատնելու Արցախի հարցը եւ վերականգնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ որեւէ համաձայնութեան կնքման պարագային, անհրաժեշտ է Արցախի կարգավիճակը միջազգային օրակարգի մէջ պահելու խնդիրի շեշտադրումը: Արցախի հարցը կը մնայ այժմէական եւ լուծման կարօտ: Պէտք է բացառել ուժի կիրարկումը եւ վերակենդանացնել բոլոր այն ձեւաչափերը, որոնք կը նպաստեն հարցի լուծման:

Յստակ է նաեւ ներքին ճակատի մէջ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը: Արցախի շահերու պաշտպանութեան համար պէտք է ըլլայ համահայկական համախմբուածութիւն: Արցախի ժողովուրդը 30 հոկտեմբերին հանրահաւաքով արտայայտած է իր կամքը, սակայն իշխանութիւններն ալ պէտք է պնդեն, որ ամէն գնով պիտի բացառեն Արցախի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուիլը, եւ պիտի աշխատին վերականգնել ներազգային միասնութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ողջունած է Ռուբէն Վարդանեանի` պետական նախարարի պաշտօնին մէջ նշանակուիլը եւ յոյս յայտնած, որ նոր մօտեցումներով եւ ուժերու համախմբումով կարելի պիտի ըլլայ լծուիլ նաեւ ներքին ճակատի խնդիրները լուծելուն: Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ ո՛չ միայն ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէութիւնը իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ Արցախի քաղաքական կեանքին: ՀՅԴ-ի աշխարհասփիւռ շրջանները որդեգրած են գիւղական համայնքներու եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքներու օժանդակութեան շարք մը  ծրագիրներ: ՀՕՄ-ի միջոցով ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը իր օժանդակութիւնը ցուցաբերած է տեղահանուած ընտանիքներուն, հաստատուած է «Արեւային Արցախ» ծրագիրը, որուն շնորհիւՀՕՄ-ի միջոցներով արեւային ջրատաքացուցիչներ կը տեղադրուին գիւղական համայնքներու մէջ: ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր մանկապարտէզներու ցանցի հովանաւորութիւնը: Արցախի մէջ այժմ կը գործեն նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կառոյց եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գրասենեակ:

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են ՀՅԴ Արցախի ու համահայկական կառոյցի դերն ու ներդրումը:

Նախորդը

«Վերականգնել Միասնութիւնը, Որպէսզի Ժողովրդի Մէջ Արթնանայ Յոյսը, Եւ Արցախցին Ամուր Կառչած Մնայ Իր Հողին». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոն Կը Դատապարտէ Թրքական Բանակին Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններու Վրայ Յարձակումը

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք  Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ  Ապաշրջափակելու Համար»
Հայկական

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In