Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ Զինադադարի Դրութեան Խախտումը

November 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 24 նոյեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրի մէջ հաստատած է Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ գտնուող Մաղաւուզ գիւղին մէջ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումը` տեղեկացնելով, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը կողմերուն հետ կը յստակացնէ տեղի ունեցածը:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրամասի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ազրպէյճանական կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան մէկ խախտում արձանագրուած է Մաղաւուզի շրջանին մէջ: Միջադէպին պատճառով զոհեր ու վիրաւորներ չկան:

«Ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցութեամբ փաստի առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարէ», կը նշուի  Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջադէպին մասին մանրամասնութիւններ չի ներկայացներ: Հաղորդագրութենէն յստակ չէ նաեւ, թէ Ազրպէյճան ո՛ր օրը խախտած է զինադադարի դրութիւնը:

Նշենք, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Ստեփանակերտը առնուազն երեք անգամ յայտարարած է, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը կրակ բացած են գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքայիններու ուղղութեամբ` Սարուշէն, Հացի եւ Մաճկալաշէն գիւղերուն մէջ:

Նախորդը

Զօրակցելով Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին` «Արցախը Զիջիլը Պիտի Նշանակէ Հայերու Դէմ Ցեղասպանութեան Արտօնութիւն» Կ՛ըսէ «Լեմքին» Հիմնարկը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Փաշինեանի Հետ 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի Մէջ Նախատեսուած Հանդիպումը Տեղի Պիտի Չունենայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.