Գրեթէ ամիս մը անցած է արդէն 31 հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտէն, եւ տակաւին երկրի վարիչները բանավէճի մէջ են նոր նախագահի ընտրութեան գծով` անոր ինքնութենէն, աշխատանքի ծրագիրէն մինչեւ ընտրութեան ճշգրիտ թուական: Փաստօրէն, առնչակից կողմերէն ոմանք կոչ կ՛ուղղեն առաջնահերթութիւն տալ նախագահի ընտրութեան, ապա «սուզուիլ» անոր գործելաձեւի ծրագիրի մանրամասնութեանց քննարկման մէջ տրուած ըլլալով, որ երկրի հրատապ ու տարրական հարցերու (ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ եւ այլն) լուծման հոլովոյթին գործնականացումը սահմանադրական տրամադրութիւններով իսկ պայման կը դնէ նախագահի հաւանութիւնը, եթէ ոչ ստորագրութիւնը: Ֆութպոլի Մոնտիալ հեռարձակման կարելիութեան ձախողութիւնը «զոհերէն» մէկն է այս իրողութեան, ուր նման որոշում կը կարօտէր կառավարութեան նիստի, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն բերումով: Իսկ առնչակից այլ կողմեր նախապայման կը նկատեն ապահովել նախագահի «յանձնառութիւնը», չըսելու համար «խոստումը»` գործելու կամ «իշխելու» որոշ սկզբունքներու եւ կարմիր գիծերու հետեւելով: Խորքին մէջ, այս իրավիճակը որոշ ընդվզումի մթնոլորտ ստեղծած է կարգ մը ղեկավարներու մօտ, որոնք կը շեշտեն խորհրդարանի դերակատարութեան «աշխուժացումը»` երկրի գերիշխանութեան ամրագրման համար, որուն հիմնական նախաքայլն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Հոսկէ` մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին կոչը երեսփոխաններուն` փութալու նախագահի ընտրութեան: Հռոմի մէջ տուած իր հոգեւոր պատգամին մէջ պատրիարքը քննադատեց նախագահական նիստերու ներկայութեան պատկերը «խախտողները»: «Բացայայտեցէ՛ք ձեր կեցուածքները», ընդգծեց Ռայի պատրիարք` հարց տալով, թէ արդեօք թիրախը Լիբանանի քրիստոնէութիւ՞նն է: Նշենք, որ Հռոմի հոգեւոր համալիրի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ արտասանած իր քարոզին ներկայ էին Իտալիոյ մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններ: Միւս կողմէ, Հռոմ կատարած իր եօթնօրեայ այցելութեան աւարտին կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ կիրակի այցելէ Յորդանան:
Իր կարգին, Պէյրութի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս նոյնպէս քննադատեց երեսփոխաններն ու նախագահական նիստը «ձախողեցնողները»` դիտել տալով, որ երկիրը կը գտնուի տագնապալի կացութեան մէջ, մինչ երեփոխանները կը վիճին մանրամասնութիւններու շուրջ: Աուտէ եպիսկոպոս «ոճիրի համազօր» նկատեց նշեալ երեսփոխաններուն այս կեցուածքը:
Միւս կողմէ, դարձեալ նախագահական թղթածրարին գծով, Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` թելադրելով. «Եօթը անգամ փորձեցին եւ ձախողեցան. արդ, պէտք է ընդունիլ, թէ երկիրը պէտք ունի ազգային համաձայնութեան եւ երկխօսութեան, որ ամէնէն հաստատ երաշխիքն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար»:
Այս կեցուածքներու լոյսին տակ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ` կիրակի 27 նոյեմբերի երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցով անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր կացութեան եւ այս գծով իր գլխաւորած «հրաժարեալ» կառավարութեան աշխատանքի ուղեգիծին, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւն: Միքաթի հիմնականին մէջ անդրադարձաւ ելեկտրականութեան եւ հրատապ այլ հարցերու լուծման կարելիութիւններուն:
Մինչ այդ, լրատուական աղբիւրներու համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չէ յուսալքուած եւ ան իր քուլիսային ճիգերը պիտի շարունակէ առնչակից կողմերուն հետ` յանգելու համար նախագահական ընտրութեան դրական միջին լուծման: Այս իմաստով, ըստ կարգ մը իրազեկ աղբիւրներու, հաւանական կը նկատուի նախքան տարեվերջ գումարել խորհրդարանի նիստ եւ ընտրել նոր նախագահը` լիբանանցիներուն պարգեւելով քաղաքական խոստմնալից կաղանդչէք: Իսկ ըստ աւելի յոռետես աղբիւրներու, անհաւանական է նոյնիսկ յառաջիկայ հինգշաբթի նախատեսուող խորհրդարանի նիստը, զայն վերսկսելու համար Կաղանդի արձակուրդէն ետք:
Արտաքին Սերտ Ճիգեր
Այս միջոցին արտաքին կողմեր կը շարունակեն իրենց քուլիսային ճիգերը` փորձելով շուտափոյթ լուծում գտնել Լիբանանի նախագահական թղթածրարին: Այս իմաստով, երէկ երեկոյեան Լիբանան հասաւ ամերիկեան Ծերակոյտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մարք Թաքաթոյի եւ ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Քոլըն Ռիտի եւ Քեթի Փորթըրի Միօրեայ կարճատեւ այս այցելութեան ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի տեսակցի երկրի ղեկավար անձնաւորութիւններուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցք կը կազմեն երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու նախագահական թղթածրարը:
Նոյն առնչութեամբ Ֆրանսա կը շարունակէ իր ճիգերը ամերիկեան, սէուտական եւ լիբանանեան հարթակներու ուղղութեամբ: Իսկ նախագահ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք Ս. Ծննդեան այցելութեան գծով ցարդ Էլիզէի պալատէն հաստատում չկայ: Մինչ այդ, լիբանանցի ղեկավարներ եւս կը շարունակեն իրենց ճիգերը: Այս գծով ուշագրաւ էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլի Քաթար այցելութիւնը ֆութպոլի մոնտիալի հիւրերու շարքին, ուր ան նաեւ պիտի քննարկէ նախագահական թղթածրարը:
Իսկ Լիբանանի մէջ քաղաքացիք մտահոգ են մաքսային տոլարի սակագինի 15 հազար լիբ. ոսկիի յաւելման եւ անոր հետեւանքներով, որոնց գլխաւոր զոհը պիտի դառնայ քաղաքացիին օրապահիկը:
Զուգահեռաբար, ամերիկեան տոլարին «սլացող» սակագինը «աղ-պղպեղ» պիտի ցանէ քաղաքացիի հացին: Երէկ, կիրակի երեկոյեան տոլարին սակագինը կը տարուբերէր 40.300 եւ 40.400 լիբ. ոսկիի միջեւ:
Քաղաքական տարակարծութեանց այս մակընթացութեան մթնոլորտի լոյսին տակ Լիբանան կը թեւակոխէ տօնական «ոչ նախանձելի» արձակուրդի շրջանի սեմը:


