Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Գործին Մէջ Յառաջընթացի Բացակայութեան Կապակցութեամբ

Ռուսիան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Գործին Մէջ Յառաջընթացի Բացակայութեան Կապակցութեամբ

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ, համաձայն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի համար Լաչինի միջանցքի լիարժէք գործունէութեան վերականգնման գործին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան կապակցութեամբ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին յայտարարութիւն տարածած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: «Ռուսական կողմը, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ...

Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Ազրպէյճանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Ազրպէյճանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Հայաստան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան: «Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ Հայաստան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մօտ Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է` խնդրելով դատարանէն Ազրպէյճանին պարտաւորեցնել դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ միջանցքի երկայնքով ապահովել մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու անարգել ազատ տեղաշարժը», գրած...

Խմբագրական.  Տարեփակ – Տարեմուտ  (Գ.)   Նոր Դրութիւններու Որդեգրման Անհրաժեշտութեան Դիմաց

Խմբագրական. Տարեփակ – Տարեմուտ (Գ.) Նոր Դրութիւններու Որդեգրման Անհրաժեշտութեան Դիմաց

Մեր թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ կայքային տարբերակի ընթերցողները պէտք է նկատած ըլլան, որ փակուող տարուան ընթացքին բազմաթիւ թարմացումներ կը թողարկուէին կայքային տարբերակին վրայ: Լուրերու կշռոյթը, յատկապէս հայրենական, Հայ դատի եւ քաղաքական բաժինի, բնականաբար անհամաչափ է թերթի տպագիրին համեմատութեամբ: Միտումը պարզ է. կայքայինը աւելի լրագրական է, մինչ տպագիրը` յօդուածագրական ու վերլուծական: Այս կը նշանակէ, որ յօդուածները կայքին վրայ տեղադրելով հանդերձ, մենք...

Փեսքով. «Ռուսիան Իսկապէս Մտահոգուած Է Այն Լարուածութեամբ, Որ Այժմ Յառաջացած Է Բերձորի Միջանցքին Շուրջ»

Փեսքով. «Ռուսիան Իսկապէս Մտահոգուած Է Այն Լարուածութեամբ, Որ Այժմ Յառաջացած Է Բերձորի Միջանցքին Շուրջ»

«Ռուսիան մտահոգուած է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին շուրջ յառաջացած լարուածութեամբ եւ պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման», վստահեցուցած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը շարունակէ եւ մտադիր է հետագային ալ շարունակել իր միջնորդական ջանքերը` կատարելով նախ եւ առաջ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ հիմունքներով»,-...

«Լեռնային Ղարաբաղի` Բերձորի Միջանցքով Մուտքի Փաստացի Փակումը Բացասաբար Կ՛անդրադառնայ Երեխաներու Կացութեան Վրայ»  Կ՛ըսէ Եունիսեֆ

«Լեռնային Ղարաբաղի` Բերձորի Միջանցքով Մուտքի Փաստացի Փակումը Բացասաբար Կ՛անդրադառնայ Երեխաներու Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Եունիսեֆ

Արցախի` Բերձորի միջանցքով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար կ՛անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Այս կացութիւնը որքան երկար տեւէ, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճին եւ բարեկեցութեան համար: Բազմաթիւ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէն,...

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր իշխանութեան վեցամեայ ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին: Ան մաղթեց, որ Լիբանան 2023-ին փոխուի, եւ վերջ գտնեն անոր ապրած ու վկայած տագնապները: Այս շրջագիծին մէջ զօր. Միշէլ Աուն հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հիմնական պատասխանատուն է Լիբանանի ներկայ իրավիճակին: «Ես լաւատես եմ ապագայով եւ կրնամ հաստատել,...

Դաշնակցական Ինքնուրոյն Դպրոցի Մը Ամէնէն Տիրական Դէմքը  (Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Աբրահամ Աշճեանի Ուղիով (Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Ամբողջացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վաստակաշատ անդամ, լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան համակարգի գլխաւոր ճարտարապետ եւ յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող գործունէութեան յատկանիշներով խորհրդանշուող Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման 40¬ամեակը: Դաշնակցութեան առաջնային դէմքերուն դէմ անցած համազարկի շարքին` Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումի արարքը միակն էր, որուն դիմաց ՀՅԴ Բիւրոն կ՛ամբաստանէր Թուրքիոյ պետութիւնը: Այս հասցէականութիւնը կ՛ընդգծէր Աբրահամ Աշճեանով յատկանշուող եւ թշնամիին հետ ազդեցիկ լեզուով ու ոճով յարաբերելու վճռակամութիւնը: Փաստօրէն,...

Խմբագրական. Տարեփակ-Տարեմուտ (Բ.) Նոր Աշխատակարգի Հրամայականը

Յատուկ խմբագրական պէտք է յատկացնել հարցախոյզին: Հարցախոյզի դրութիւնը օրինաչափ է 21-րդ դարու որեւէ հաստատութեան աշխատանքները ծրագրելու, ընթացքին նոր քայլեր առնելու կամ ընդհանրապէս աշխատանքային ռազմավարութիւն ճշդելու համար: Հարցախոյզը առարկայական մօտեցումներու նպաստող  հիմնական աշխատանք է. ներկայիս` գրեթէ պարտադիր մեթոտ: Առանց անոր թերի կը մնան մեր արժեւորումները, ենթակայական` նոյնիսկ: Ընթերցողներու նամականիներով կատարուած արձագանգումները, քննադատութիւնները կամ որեւէ խմբագրական երեւոյթ քննադատելու կամ փոխելու առաջարկները բաւարար...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Իրական Մեղաւորը» Խորագիրով  Երթը Դէպի Կառավարութեան Շէնք

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Իրական Մեղաւորը» Խորագիրով Երթը Դէպի Կառավարութեան Շէնք

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 28 դեկտեմբերին Մատենադարանէն նախաձեռնած էր երթ դէպի կառավարութեան շէնք: Երթը կը կրէր «Իրական մեղաւորը» խորագիրը եւ նպատակ ունէր ցոյց տալ, որ իրավիճակի հանգուցալուծման առաջնային պատասխանատուները Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են, որոնք, սակայն, որեւէ քայլ չեն ձեռնարկեր աւելի քան 2 շաբաթէ ի վեր ամբողջական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը մայր հայրենիքի հետ կապող կենսական ճանապարհի բացման ուղղութեամբ: Մասնակիցներու ձեռքերուն...

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն  Յանձնակատարի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Շտապօրէն  Ապահովելու Բերձորի Միջանցքով  Ազատ, Անվտանգ Տեղաշարժը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Շտապօրէն Ապահովելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ, Անվտանգ Տեղաշարժը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու` Բերձորի միջանցքի հարցը լուծելու երկխօսութեան միջոցով` յարգելով մարդու իրաւունքները: Այս մասին կը նշուի «Թուիթըր»-ի վրայ կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Բերձորի միջանցք (Հայաստան/Ազրպէյճան). կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք չլուծուած խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով, շտապ կերպով ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ, պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ խուսափիլ խաղաղ...

Ֆրանսայի Կուսակցութիւններու  Ղեկավարները Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն`  Դատապարտելու Ազրպէյճանը

Ֆրանսայի Կուսակցութիւններու Ղեկավարները Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Դատապարտելու Ազրպէյճանը

Ֆրանսայի տարբեր առանցքային կուսակցութիւններու քաղաքական ղեկավարներ, միացեալ բաց նամակ հրապարակած են Ֆրանսայի մէջ մեծագոյն լսարան ունեցող «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ` հայցելով Ֆրանսայի նախագահի միջամտութիւնը` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Բաց նամակին մէջ կը նշուի. «Անհրաժեշտ է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը: «12 դեկտեմբերէն ի վեր...

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու Հայաստանի դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:  

Խմբագրական. Տարեփակ-Տարեմուտ (Ա.). «Ազդակ»-Գիտական Հիմնարկներ Համագործակցութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակ-Տարեմուտ (Ա.). «Ազդակ»-Գիտական Հիմնարկներ Համագործակցութիւնը

Տարին յատկանշական էր մեզի համար, որովհետեւ «Ազդակ» ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Բնականոն պայմաններու մէջ յոբելեանը լայն տարողութիւն եւ համեմատաբար մեծ շուք կը ստանար համարժէք ձեռնարկներով: Լիբանանի ներկայ պայմանները թոյլ չէին տար ակնկալուած տարողութեամբ նշելու 95-ամեակը: Յոբելեանին նուիրուած «Ազդակ»-ի թիւը լոյս տեսաւ յաւելուածի ձեւաչափով, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ «Երկիր Մետիան» պատրաստեց տեսերիզ եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան հետ գործակցաբար ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի անցած...

Վերածնունդի Հրապարակէն Տասնեակ Հազարաւոր Արցախցիներ Կոչ Ուղղեցին` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

Վերածնունդի Հրապարակէն Տասնեակ Հազարաւոր Արցախցիներ Կոչ Ուղղեցին` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

25 դեկտեմբերին, տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ համաժողովրդային հանրահաւաքով մը պահանջեցին արդէն երկու շաբաթէ ի վեր փակուած Արցախի կեանքի ճամբուն՝ Բերձորի միջանցքին բացումը:  Անոնք բարձրացուցին «Հայաստան մի՛ երթար զիջումներու», «Խաղաղութիւն կ՛ուզենք», «Բացէք ճանապարհը» գրութիւններով բազմալեզու պաստառներ: Հրապարակին վրայ համախմբուած ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը` պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ըսաւ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ երեք ուղիներ կան. «Առաջինը՝ կ՛ենթարկուինք ուշ...

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Փութին-Փաշինեան Հանդիպում

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Փութին-Փաշինեան Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Բոլորովին վերջերս մենք կատարած ենք միջկառավարական յանձնախումբի նիստ, եւ գործընկերները արձանագրած են, որ մենք տնտեսութեան ոլորտին մէջ կացութեան շատ դրական զարգացում ունինք. այս տարուան 10 ամիսներուն առեւտրաշրջանառութիւնը աւելցած է 73...

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը  Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներուն  Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Երեսփոխաններուն

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներուն Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Երեսփոխաններուն

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրան Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպանի զեկուցումին հիմամբ Ազրպէյճանի յարձակումէն վնասուած Հայաստանի տարածքներուն վերաբերեալ նամակ յղած է Նետերլանտներու խորհրդարանականներուն ի պատասխան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նամակին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանը 12 մայիս 2021-էն մինչեւ 13 սեպտեմբեր 2022-ի մարտերը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն բռնագրաւած է 40 քառ. քիլոմեթր, իսկ 13 սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն պատճառով յաւելեալ շուրջ 60 քառ....

Այն Թինէի Մէջ.   Պըրրի Եւ Միքաթի Նոյն  Ուղիին Վրայ Կը Գտնուին

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Եւ Միքաթի Նոյն Ուղիին Վրայ Կը Գտնուին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ ինք տօնական օրերուն առիթով այցելած է Պըրրիի եւ անոր յայտնած իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ մաղթած Լիբանանի բարգաւաճումը: Միքաթի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին հարցերը` հաստատելով, որ ինք եւ Պըրրի նոյն ուղիին վրայ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ միշտ կը խորհրդակցին տարբեր...

Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ  Մայրավանքին Մէջ Միջկուսակցական Հանդիպում`  Բերձորի Միջանցքին Վերաբացման Գծով

Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ Մայրավանքին Մէջ Միջկուսակցական Հանդիպում` Բերձորի Միջանցքին Վերաբացման Գծով

Երէկ գիշեր` ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2022-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները` Ալեքսան Քէօշկերեան, դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետները` Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր...

«Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնները Կեանքի Կոչելու Շուրջ Քննարկումները Պիտի Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Յունանեան

Յունանեան. «Լաչինի Միջանցքի Փակումը Ազրպէյճանի Կողմէ Նախօրօք Ծրագրուած Գործողութիւն Է»

«Ազրպէյճանի համակարգուած գործողութիւնները, ներառեալ` քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներուն դէմ նախորդ միջադէպերը, անգամ մը եւս կը վկայեն այն մասին, որ Լաչինի միջանցքին փակումը Ազրպէյճանի կողմից նախօրօք ծրագրուած գործողութիւն է»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան: Յունանեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի այդ քայլը նպատակ ունի վնասել քաղաքացիական...

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը  Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն պատուական եղբարց մերոց` արհի. արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից, բարեշնորհ սարկաւագաց եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս: Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս, Ահաւասիկ, մէկ տարի եւս անցաւ մեր երկրաւոր կեանքէն. տարի մը նորանոր տագնապներու, պատերազմներու եւ ժահրերու, որոնցմէ կը տառապինք բոլորս: Մարդկութեան մէկ ստուար...

Page 260 of 796 1 … 259 260 261 … 796

Արխիւներ