Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դամասկոս

February 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Հալպուսիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Պաղեստինի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Օմանի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու նախագահներն ու Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարը:

Իրաքի խորհրդարանը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Սուրիա 6 փետրուարի աղէտալի երկրաշարժէն ետք իր զօրակցութիւնը յայտնելու եւ Սուրիոյ ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար:

Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութիւնը Պաղտատի մէջ շաբաթ օր իր գումարած 34-րդ նիստին որդեգրեց Սուրիոյ կողքին կանգնելու համար Սուրիա այցելութեան պատուիրակութիւն մը կազմելու որոշումը:

Իրաքեան լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ համադաշնակցութեան նախագահ Հալպուսի արաբական երկիրներուն կոչ ուղղած է որդեգրելու «Սուրիոյ իր արաբական շրջապատ վերադարձի եւ ազդու կերպով իր արաբական, շրջանային ու միջազգային դերակատարութեան վերադառնալու մասին վերջնական որոշում մը»:

«Աշխարհը կը դիմագրաւէ շատ դժուար պայմաններ, որոնք կը պահանջեն արտակարգ ջանքեր եւ կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման ձգտող ջանքերու աշխուժացում», ըսած է ան:

Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Հանաֆի Ժապալի Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարելէ ետք յայտարարեց. «Սուրիան պիտի վերադառնայ Արաբական լիկային մէջ գտնուող իր բնական տեղը»:

Մինչ այդ, երէկ մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած էմիրաթական երկու օդանաւեր եւ փաքիստանեան օդանաւ մը էջք կատարեցին Դամասկոսի միջազգային օդակայան:

Նախորդը

Փութինը` Էրտողանին. «Վստահ Եմ` Պիտի Շարունակենք Շրջանային Օրակարգի Կարեւոր Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ Ջանքերը Համակարգել»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.