Գլխաւոր լուրեր

«Կոչ Կ՚ուղղեմ Իրանին, Մարդասիրական Մտահոգութենէ Մղուած, Միջամտելու Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Կոչ Կ՚ուղղեմ Իրանին, Մարդասիրական Մտահոգութենէ Մղուած, Միջամտելու Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանիի, ընկերակցութեամբ իր փոխանորդին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու այժմէական նիւթեր: Առաջինը՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն էր: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց ներ-լիբանանեան համաձայնութեան գոյացումը: Նախագահի անձին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ հրամայական է, որ քաղաքական օրակարգի եւ ուղղութեան մը շուրջ...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Ծաւալապաշտական նկրտումները բաւարարելու Ազրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը շարունակւում է: Հեռահար նպատակներ հետապնդող «բնապահպանական» կազմակերպուած սադրանքի հետեւանքով 2022 թուականի դեկտեմբերի 12-ից փակ է Արցախն ու Հայաստանը իրար կապող միակ ճանապարհը` Բերձորի միջանցքը: Փաստօրէն Արցախը գտնւում է ամբողջական շրջափակման մէջ եւ շուրջ 120.000 հայ բնակչութիւնը կանգնած է մարդասիրական աղէտի առջեւ: Հերթական անգամ Ազրպէյճանը շինծու պատրուակով կոպտօրէն ոտնահարում է 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ...

Արցախը 28-րդ Օրն Ըլլալով  Շրջափակման Մէջ.  Ռուբէն Վարդանեան.  «Մենք Բոլորս Մէկ Նաւու Մէջ Ենք»

Արցախը 28-րդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ. Ռուբէն Վարդանեան. «Մենք Բոլորս Մէկ Նաւու Մէջ Ենք»

Արցախի մէջ երէկ շրջափակման 28-րդ օրն էր: Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը իրենք զիրենք իբրեւ բնապահպան ներկայացնող ազրպէյճանցիները կը շարունակեն փակ պահել: Առաւօտեան դիմատետրեան ուղիղ եթերով պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց արցախցիներուն, իր ձեւակերպումով, «հանգիստ եւ ուժեղ այս իրավիճակը» ընդունելու համար ու յաղթահարելու դժուարութիւնները: Ըստ Վարդանեանի, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը ճիշդ ու հանգիստ կ՛ընկալէ այս իրավիճակը, սակայն կան նաեւ այլ...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Արցախցիներու  Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Արդար Պահանջը  Պիտի Յաղթանակէ Համայն Հայութեան Ջանքերով»

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Արդար Պահանջը Պիտի Յաղթանակէ Համայն Հայութեան Ջանքերով»

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագի իր պատգամին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Արցախին սատարելու եւ անկախ պետականութիւնը չվտանգելու կոչ ուղղեց: «Տեւական ժամանակ արգելափակուած է Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը, ինչ որ յանգեցուցած է մարդասիրական աղէտի: Զօրանանք հայրենիքի սիրով եւ ամէն կարելի հնարաւորութեամբ սատարենք Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ դժուարութիւններ կրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն»,...

«Բեթղեհէմը` Աղբիւր Երկնային Յոյսին»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Բեթղեհէմը` Աղբիւր Երկնային Յոյսին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Հայրապետանիստ Վանքին Մէջ Մեր  Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի մայր տաճար, ուր վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագը, կատարեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող...

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով.   Լիբանանցի Անձնաւորութիւններ,  Կուսակցութիւններ Եւ Հաստատութիւններ  Կը Շնորհաւորեն Հայ Համայնքը

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Լիբանանցի Անձնաւորութիւններ, Կուսակցութիւններ Եւ Հաստատութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայ Համայնքը

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանցի անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններ, հաստատութիւններ եւ սենտիքաներ շնորհաւորեցին հայ համայնքը` ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած երկտողով եւ շնորհաւորութեան խօսքեր կրող լուսանկարներով: Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայ համայնքի յարգելի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Ծննդեան տօնը այսօր նշող բոլոր համայնքներուն տօնը շնորհաւոր: Կը մաղթենք, որ Բեթղեհէմէն շողացող աստղը խաղաղութիւն եւ...

Դառնանք` Մահէն Դէպի Կեանք  Առաջնորդող Քրիստոսին

Դառնանք` Մահէն Դէպի Կեանք Առաջնորդող Քրիստոսին

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը Աստուած մարդը «վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (Եփ. 2.5): Այսպէ՛ս կը վկայէ` իր կեանքին օրինակով, Քրիստոսը հալածած եւ ապա անոր մեծագոյն քարոզիչը դարձած Պօղոս առաքեալ: Աստուծոյ նկատմամբ անհնազանդութիւնը մարդը մղած էր մեղքով ու չարիքով տիրապետուած մարդակեդրոն կեանքի: Աստուծոյ նկատմամբ  անհաւատարմութիւնը մարդը առաջնորդած էր չարաշահելու, փոխանակ խնամելու իր հոգատարութեան յանձնուած աշխարհը, եւ դառնալու սեփականատէրը,...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի «Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»: Ղուկաս 2.12 Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման պահն է դարձեալ: Այս առիթով, նախ փառք կու տանք Ամենակալին, որ առիթ կ՛ընծայէ մեզի, Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցելու լիբանանահայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Այսօր, կեանքի մեծ խորհուրդին վարագոյրը կը բացուի մեր դիմաց եւ Աստուծոյ փառքը կը...

Արցախի Պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին Եւ Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ստեփանակերտի Օդակայանի Գործարկման Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Արցախի Պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին Եւ Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ստեփանակերտի Օդակայանի Գործարկման Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները, խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ, դիմած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին` կոչ ուղղելով շօշափելի քայլեր կիրարկելու Բերձորի միջանցքի բացման կամ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Այսօր 25-րդ օրն է,...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ`  Ս. Ծննդեան Համերգ` Համազգայինի «Գուսան»-ի Եւ «Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կատարողութեամբ

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ` Ս. Ծննդեան Համերգ` Համազգայինի «Գուսան»-ի Եւ «Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կատարողութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին լեցուցած հայ եւ արաբ հոծ բազմութիւնը հմայուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով: Համերգին ներկայ...

Բովանդակութիւն «Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի

Բովանդակութիւն «Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Դժուար պայմաններ դիմակայելու պատրաստութեամբ 1 ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԴԱՏ Այս կռիւն ալ կը յաղթենք Յ. Բագրատունի 2 Դաժան փուլ Ս. Մահսէրէճեան 3 Քրիստափորի ցուցատախտակը Միհրան Քիւրտօղլեան 10 Վերյիշելով «Հայերուս թուքը» բանաստեղծութեան խորհուրդը Կիրակոս Գույումճեան 14 Նախատեսութիւն ունի՞նք ազգին համար, երբ մոլորակի բնակչութեան ութ միլիառը ըլլայ տասը Յ. Պալեան 16 «Ամանո՞ր» ես, թէ՞ «Նոր տարի» այսպէս կամ էնպէս, դու նո՛յնն...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի 85 Քուէներով  Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Այս Կռիւն Ալ Կը Յաղթենք

Գեղեցիկ եւ քաղցր յիշատակներով չէ, որ կը բաժնուինք 2022 թուականէն կը մղուինք ըսելու նոյնիսկ, որ չենք ուզեր յիշել անցնող տասներկու ամիսները: Արցախն ու Հայաստանը շարունակեցին մնալ վտանգուած դրութեան մէջ: Հայաստանի իշխանաւորին կողմէ դեկտեմբեր 9-ի տխրահռչակ եւ անձնատուական համաձայնագիրը, փաստօրէն, Արցախի եւ անոր ժողովուրդին գոյութեան խորքային խոցումին կողքին, վտանգեց Հայաստանը, խնդրոյ առարկայ դարձուց անոր սահմանները, որոնք զանազան պատրուակներով ցարդ ենթակայ են...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Երեւան Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Միջազգային Կառոյցներու Վճռական Գործողութիւններ Ապահովելու Ուղղութեամբ

«Հայաստան պիտի շարունակէ նպատակամղուած քայլերու ձեռնարկել բոլոր կարելի ձեւաչափերուն մէջ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային ու շրջանային կառոյցներու շրջանակներուն մէջ` այդ կառոյցներու լիազօրութենէն եւ գործառոյթներէն բխող վճռական արձագանգ եւ գործողութիւններ ապահովելու ուղղութեամբ` Լաչինի միջանցքի շրջափակումն ու ատոր պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը վերացնելու նպատակով», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Պաշտօնական Երեւանը նաեւ անհրաժեշտ...

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Պէտք Է Որոշեն`  Փութինի Հրաւէրը  Իրենց Համար Օգտակա՞ր Է, Թէ՞ Ոչ»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Համագործակցիլ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ` Վերջնական Լուծման Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգները իրենց գործընկերներուն հետ կը շարունակեն ներգրաւուած մնալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի շրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Երկուշաբթի, 2 յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը կաթողիկոսանիստ մայրավանք այցելելով` հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ տագնապալից կացութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները յուզող խնդիրներուն:...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ամանորեան Ուղերձը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Աւարտին է մօտենում 2022 թուականը: Տարեմուտը, սովորաբար, անցնող տարին ամփոփելու, նոր յանձնառութիւններ նախանշելու, նաեւ բարեմաղթութիւնների առիթ է: Ցաւօք, 2022-ը չեղաւ համազգային ձեռքբերումների, խաղաղութեան ու պետականութեան ամրապնդման տարի: Երկիրը շարունակում է դիմագրաւել անյաղթահարելի դարձած եւ օրէցօր խորացող անվտանգային եւ գոյութենական մարտահրաւէրներ: Կորցրած տարածքային ամբողջականութեան պայմաններում երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը ոչ միայն չի կարողանում երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, այլեւ հրաժարւում...

Լիբանանի Հարազատներուս

Լիբանանի Հարազատներուս

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի շնորհաւորութիւնները` լիբանանահայութեան Նոր տարուան առիթով կը շնորհաւորեմ ձեզ` սիրելի՛ հարազատներ, լաւագոյն բարեմաղթութիւններ ձեզի: Մեր ժողովուրդին ծառայութեան մէջ եղող բոլոր սպասարկուներուն: Բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցական, կրթական, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական, ուսանողական եւ հայրենակցական միութիւններու մէջ քրտինք թափեցին եւ իրենց ճիգը ներդրեցին: Հայ կրօնականին, հայ ուսուցիչին, հայ խմբագիրին, առողջապահական մարզի հայ ծառայողին,...

Արցախի Հարազատներուս

Արցախի Հարազատներուս

Ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արցախահայութեան ուղղուած հետեւեալ շնորհաւորական գրառումը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ. Շնորհաւոր Նոր տարի՝ Արցախի աննկուն ժողովուրդի սիրելի հայրենակիցներուս, Պատերազմի եւ գրաւումի դէմ ժայռ դարձած ազատ մարդոց, Դաւադրութեան եւ անձնատուութեան դէմ ծառացող ամուր բռունցքներուն, Շրջափակումի մէջ ապրող, գործող, բնութեան արհաւիրքներուն եւ քաղաքական ապաշնորհութեան Ո՛Չ ըսող արցախցի հարազատներուս, Արցախի եւ հայութեան արժանապատուութեան...

Ամանորեայ Անդրանիկ Ս. Պատարագ Եւ Հայրապետական Պատգամ

Ամանորեայ Անդրանիկ Ս. Պատարագ Եւ Հայրապետական Պատգամ

Արդէն թեւակոխեցինք 2023 նոր տարին` մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, նոր երազներու, նոր նուաճումներու ու նոր յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին: Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, ուր, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը.  Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը. Համախմբուիլ` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Փրկութեան

Տագնապալից պայմաններու մէջ կ՛ողջունենք Նոր տարին: Յուսահատութեամբ ու անորոշութեամբ լեցուն է հայ կեանքը: Ահաւոր վտանգներով շրջապատուած են Հայաստանն ու Արցախը: Իրատես հայեացքով դիտենք հայ կեանքը: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Հայաստանը դարձեալ դարձած է կռուախնձոր մեծ ուժերու միջեւ: Թշնամին պաշարումի ենթարկած է Արցախը: Ան կը գտնուի նաեւ ինքնիշխան Հայաստանի սահմաններէն ներս` վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը: Նոյն թշնամին կը սպառնայ նման կացութիւններ...

Page 259 of 796 1 … 258 259 260 … 796

Արխիւներ