Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

March 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր միջազգային գործընկերներէն շատեր հետաքրքրուած են` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթին», այս մասին 27 փետրուարին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք, ինչպէս Ռուսիոյ նախագահ Փութին բազմիցս ըսած է, կ՛ողջունենք կացութիւնը կայունացնող որեւէ ջանք, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ այստեղ գտնուող բոլոր երկիրներուն համագործակցելու` փոխադարձ յարգանքի ու շահերու հիման վրայ», նշեց  ան:

Ալիեւ ըսաւ, որ յոյս ունի, որ 2023 թուականը բեկումնային տարի պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:

«Պէտք է նշել Ռուսիոյ յատուկ դերը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու գործին մէջ: Անցեալ տարի այս ուղղութեամբ կարեւոր ջանքեր գործադրուած են, ընդունուած են ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրի հայեցակարգային բնոյթը, այն է` երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումը սահմանող փաստաթուղթեր:

«Ատիկա հաստատեցին անցեալ տարուան հոկտեմբերին Փրակայի եւ Սոչիի մէջ որդեգրուած փաստաթուղթերը: Այս փաստաթուղթերը այն հիմքերն են, որոնցմով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի: Ամէն պարագայի, մենք վճռական ենք դրական եւ կառուցողական աշխատանք տանելու հայկական կողմին եւ մեր բարեկամ ու դրացի Ռուսիոյ հետ` արագօրէն շրջելու թշնամութեան այս էջը եւ Հարաւային Կովկասին խաղաղութիւնը վերադարձնելու համար», նշեց ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ Պաքուի մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճան պատրաստ է եռակողմ հանդիպումին, իսկ Հայաստան վերջնական համաձայնութիւն չէ տուած:

«Մենք բազմիցս հարթակ տրամադրած ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման համար, ներառեալ անցեալ տարուան դեկտեմբերին համաձայնութիւն գոյացած էր մեր գործընկերներու հերթական հանդիպում կատարելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ: Ճէյհուն Պայրամով յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս զարգացան իրադարձութիւնները: Մեր հայ գործընկերները յայտարարեցին, թէ չեն կրնար մասնակցիլ այդ միջոցառումին», պատմեց Լաւրով:

Ան ըսաւ, թէ իրենք հաստատած են նման հանդիպում կատարելու պատրաստակամութիւնը, ազրպէյճանական կողմը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է: «Հայկական կողմը յայտարարած է, թէ առարկութիւն չունի, սակայն տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ տուած: Չեմ կարծեր, թէ մենք պիտի պնդենք ատիկա, որպէսզի առաջարկենք մեր ծառայութիւնները: Այդ առաջարկները երկու կողմերուն լաւ յայտնի են», յայտարարեց Լաւրով:

«Շատ հաճելի է գտնուիլ արեւոտ եւ հիւրընկալ Պաքուի մէջ», նշեց Լաւրով:

«Մենք մնայուն հաղորդակցութեան մէջ ենք ազրպէյճանցի իմ գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Օգտուելով առիթէն` ազրպէյճանցի իմ գործընկերս կը հրաւիրեմ այցելելու Ռուսիա», ըսաւ ան:

«Ինչ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքին, ապա պատասխանը շատ պարզ է` ատոր գործելու դրութիւնը պէտք է ամբողջապէս համապատասխանէ 9 նոյեմբեր 2020-ի ամէնէն առաջին եռակողմ յայտարարութեան, ինչ որ կը նշանակէ, որ անհրաժեշտ է ազատ տեղաշարժ ապահովել բացառապէս քաղաքային եւ մարդասիրական բեռներու, քաղաքային անձերու համար: Խաղաղապահ զօրակազմի գծով մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ կը փորձենք ճիշդ ատոր հասնիլ: Այնտեղ որեւէ հսկիչ անցակէտի ստեղծում նախատեսուած չէ, սակայն, կայ կարելիութիւն թեքնիք միջոցներով վերացնելու գոյութիւն ունեցող կասկածները այն հարցին մէջ, որ միջանցքը իսկապէս կ՛օգտագործուի ըստ նշանակութեան: Մենք այսօր այդ մասին խօսած ենք, թեքնիք մանրամասնութիւնները երկրորդական նշանակութիւն ունին», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը հակիրճ կերպով մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 10 յունուարի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած այն յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութիւնը ո՛չ միայն չի երաշխաւորեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլ ընդհակառակն` սպառնալիքներ կը ստեղծէ անվտանգութեան համար, նշեց. «Հայաստանի ղեկավարի` ձեր կողմէ մէջբերուած յայտարարութիւնը ամբողջովին կը ձգեմ անոր խիղճին»:

«Ինչ կը վերաբերի Պրիւքսելէն հնչող յայտարարութիւններուն, ապա մենք չենք կրնար զանոնք մանրամասն մեկնաբանել: Մենք կը տեսնենք, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս բացայայտօրէն կը չարաշահէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի, Ազրպէյճանի հետ, ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ յառաջ մղելով օրինականութեան տեսանկիւնէն լուրջ կասկածներ յառաջացնող իր այսպէս կոչուած առաքելութիւնը, որ կը յառաջացնէ բազմաթիւ հարցականներ, ներառեալ իր գործառոյթներուն, լիազօրութեան, տեւողութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն մէջ այդ առաքելութեան աւելցուած արժէքի տեսանկիւնէն: Բայց եւ այնպէս, ատիկա կողմերու գերիշխան ընտրութիւնն է` որո՛ւն հետ համագործակցիլ, որո՛ւն հետ` ոչ», ըսաւ Լաւրով:

Ան աւելցուց, որ Ռուսիան իր գործողութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուի հետեւեալ սկզբունքով` չվնասել եւ աջակցիլ այնպիսի լուծման, որ նախ եւ առաջ հիմնուած պիտի ըլլար երեք ղեկավարներու համաձայնութիւններուն վրայ եւ երկրորդ, որ պիտի ապահովէր այստեղ փոխշահաւէտ, փոխյարգալից համագործակցութիւն շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ:

«Ոչ բոլոր խաղացողները, յատկապէս անոնք, որոնք Հարաւային Կովկասէն հեռու կը գտնուին, կ՛առաջնորդուին այսպիսի սկզբունքներով: Անոնք կ՛ուզեն այստեղ աշխատիլ ոչ թէ յանուն բանի մը, այլ մէկու մը դէմ: Մենք ատիկա կը տեսնենք եւ վստահ ենք, որ ատիկա կը տեսնեն նաեւ ուղղակիօրէն հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած կողմերը», ըսաւ Լաւրով:

«Ռուս տնտեսական գործիչները պատրաստ են շարունակելու ներգրաւուիլ ազրպէյճանական տարածքներու յետհակամարտային վերականգնման գործին», յայտնեց ան:

Ան յիշեցուց, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի ստորագրումէն անցած է մէկ տարի, Մոսկուայի մէջ անցեալ տարի երկու երկիրներու նախագահները այս հռչակագիրին մէջ արձանագրած են յարաբերութիւններու նոր որակ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը զայն կոչեց պատմական փաստաթուղթ:

«Մենք կասկած չունինք, կայ հասարակաց ըմբռնում, որ երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան խորացումը կարեւոր կայունացնող դեր պիտի խաղայ շրջանային հարցերուն մէջ», ընդգծեց Լաւրով:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիան ու Ազրպէյճանը հանդէս եկած են մեկանախագիծերու իրականացման միջոցով գործնական համագործակցութեան հետագայ զարգացման օգտին, անոնց շարքին` «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի զարգացումը, շրջանին մէջ այլ ենթակառուցային նախագիծերու իրականացումը, վառելանիւթ-ուժանիւթային համալիրի, արդիւնաբերական արտադրութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:

«Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխվարչապետները` իբրեւ համապատասխան եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներ, պիտի կարենան որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերել Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի հիմնական տարածքին միջեւ երկաթուղային երթուղիի օգտագործման վերսկսման վերաբերեալ», նշեց ան:

Պայրամով յայտնեց, որ ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութիւնն ու եռակողմ յայտարարութիւններու գործադրումը:

«Քննարկած ենք յետհակամարտային շրջանի հարցերը եւ միտքեր փոխանակած ենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ: Այդ համաձայնագիրի ստորագրման աշխուժ փուլը արդէն մեր ետին է: Ներկայ դրութեամբ հայկական կողմը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման, եւ մենք կը տեսնենք, որ անոնք նաեւ մերժեցին մասնակցիլ բանակցութիւններու երրորդ փուլին», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ան Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ քննարկումներու հարցին մէջ առցանց դիւանագիտութիւնը «անարդիւնաւէտ» որակեց եւ Երեւանը հրաւիրեց վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան:

«Հիմա փոխադարձ համաձայնութեան ենթակայ ձեւաչափէն կը բացակայի դէմ առ դէմ հանդիպումներու առնչուած տարրը, սակայն հոլովոյթը ամբողջութեամբ չսպաննելու համար ազրպէյճանական կողմը չի հրաժարիր մեկնաբանութիւններ ստանալ ու ուղարկել, իմ ըսածը ինքնին դիւանագիտութիւն է: Այսինքն` մեկնաբանութիւնները պարզապէս կը փոխանցուին: Մենք ասիկա կը նկատե՞նք հաղորդակցութեան ամէնէն արդիւնաւէտ մեթոտը խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի քննարկման ժամանակ: Կը կարծեմ` ոչ», ըսաւ Պայրամով:

Ան ընդգծեց. «Ազրպէյճանը հաւատարիմ է խաղաղութեան ոչ այլընտրանքային օրակարգին եւ պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնումը»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Ցաւակցած Է Սումկայիթի Ջարդերու 35-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.