Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով. Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք` Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Փետրուար 27, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական ամբոխին կողմէ փետրուար 1988-ին ծրագրուած ու իրագործուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակը Պէյրութի մէջ նշուեցաւ պահանջատիրութեան մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) երէկ` կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին ժողովրդային ոգեկոչման հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ լիբանանահայ համայնքի պետական, յարանուանական, քաղաքական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու: Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի շեփորախումբերն ու սկաուտական խումբերը Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանէն Արցախի դրօշով եւ Սումկայիթի ոճիրը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելով տողանցեցին դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի: Ձեռնարկը սկսաւ եկեղեցւոյ գաւիթի շրջափակին մէջ, նախ եւ առաջ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու, ապա` ռազմահայրենասիրական երգերու շեփորախմբային նուագակցութեամբ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղակալ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ վեր. Նշան Պաքքալեան Պաքուի եւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան հաւաքական աղօթք կատարեցին:

Այս առիթով Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու դեսպանատան անձնակազմը եւ կազմակերպիչ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Օրուան բանախօսն էր` Խաչիկ Տէտէեան, որ սեղմ տողերու մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Գանձակի ջարդերուն: Ան պատմական ակնարկով վերյիշեց արեւմտահայութեան ապրած վեցդարեայ ստրկութիւնը եւ հայութեան դէմ գործուած յաճախակի ջարդերը համիտեան վարչակարգին կողմէ 1895-ին, ապա` 1909-ին Ատանայի եւ այլ շրջաններու մէջ տարբեր առիթներով գործադրուած  հակահայ ջարդերը, որոնց շարժառիթն ու նպատակը Փանթուրանիզմն է: «Փանթուրանական ծրագիրը նոյնն է նաեւ այսօր», շեշտեց Տէտէեան: «Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, փաստը` Արցախի դէմ սանձազերծուած ու միջազգային լուռ կեցուածքէն քաջալերուած պատերազմը, 27 սեպտեմբեր 2020-ին, եւ երկու ամիսներէ ի վեր Արցախի դէմ պարտադրուող շրջափակումը, անտեսելով ապաշրջափակման բոլոր կոչերն ու միջազգային որոշումները», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Սա՛ է թուրքին պատմութիւնը, ատելութեան եւ ջարդի պատմութիւն հայ ժողովուրդին դէմ, հայը սովամահ ընելու եւ իր բնօրրանէն գաղթի մղելու քաղաքականութիւն»: «Թուրքին եւ իր ազրպէյճանցի եղբօրը համար մարդկային իրաւունքն ու միջազգային կանոնները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն», շեշտեց ան:

Ան այս գծով թուեց քանի մը անառարկելի իրողութիւններ, ինչպէս` հայկական բանակի հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, թշնամիին հետ ուժի դիրքէն խօսելու պահանջը, դիւանագիտական ճկուն ու խոհեմ գործունէութեան կարեւորութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնականութեան շեշտաւորումը, միջազգային հարթակներու մօտ կուռ ու  միասնական գործունէութիւնը եւ այլն: «Արցախի կորուստը Հայաստանի կորուստն է, Սիւնիքի միջանցքին ծրագիրը Հայաստանի կործանումն է», ընդգծեց Տէտէեան` աւելցնելով, որ «Մենք աստուածատուր իրաւունք ունինք ապրելու»: «Պիտի ճեղքենք ամօթի պատը եւ մեր նահատակներու թանկ արեան ուխտով վերանորոգենք մեր պայքարը, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսիլքն ու Արարատի խորհուրդը գրկած», եզրափակեց Տէտէեան (Խաչիկ Տէտէեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ոգեկոչական հաւաքը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

Յաջորդը

Պայրամով. «Անցած Ենք Առցանց Դիւանագիտութեան»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?