Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Միրզոյեան Ընդգծած Է Առանց Նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակումը Անյապաղ Դադրեցնելու Հրամայականը

February 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 27 փետրուարին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:

Կարեւոր նկատուած է միացեալ ջանքերու ներդրումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող` ներառեալ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:

Անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին` Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Ազրպէյճանի կողմէ առանց նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու: Այս պարունակին մէջ ընդգծուած է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ Ազրպէյճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ 22 փետրուարին կայացուած որոշումին իրականացումը:

Նախարար Միրզոեան ներկայացուցած Է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Նետերլանտցի Երեսփոխանները Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին Կոչ Ուղղած Են Բերձորի Միջանցքի Փակման Վերջ Տալու Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախի Շրջափակման Հիմքին Մէջ Կայ Ազրպէյճանի Ձգտումը` Արցախի Ժողովուրդը Զրկելու Հայրենիքէն Եւ Ի Վերջոյ` Ոչնչացնելու»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.