Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքքարի Մէջ. Շէյխ Ահմետ Ռիֆայի Սպաննուած Գտնուեցաւ

Փետրուար 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օր առաջ լիբանանեան լրատուամիջոցները անդրադարձան Աքքարի շէյխերէն Ահմետ Ռիֆայիի անյայտ կորսուելու լուրին` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահուած են այս իմաստով եւ կը փորձեն գտնել անոր հետքերը:

Ուրբաթ երեկոյեան պաշտօնական աղբիւրներ այս իմաստով հաղորդեցին, թէ գտնուած է շէյխ Ա. Ռիֆայիի ինքնաշարժը, իսկ օր մը ետք` շաբաթ երեկոյեան հաստատուեցաւ, որ շէյխ Ահմետ Ռիֆայի սպաննուած է, իսկ կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն կարելի եղաւ բացայայտել անոր դիակը:

Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկու անծանօթներ Թրիփոլիի մէջ առեւանգած են շէյխ Ռիֆային երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ին, եւ զայն իր ինքնաշարժով առաջնորդած են դէպի անծանօթ վայր մը:

«Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն եւ լարուածութեան լոյսին տակ, տարբեր լրատուամիջոցներ սկսան այս լուրը տարածել` համայնքային կիրքեր հրահրելու շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու եւ ապահովական կառոյցներու հասցէին արձանագրեցին ամբաստանութիւններ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ երկրին մէջ լարուածութիւնն ու ելեկտրական մթնոլորտը աւելի եւս սրին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին պարտականութիւն տրուեցաւ անմիջապէս հետաքննութիւն բանալ այս հարցով եւ ոճիրին ծալքերը բացայայտել, ինչպէս նաեւ յանցագործները ձերբակալել:

«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը 48 ժամէն կրցաւ բացայայտել շէյխ Ռիֆայիի ինքնաշարժին վայրը, ինչպէս նաեւ ճշդեց զայն առեւանգողներուն ինքնութիւնը, եւ այս հարցով ձերբակալեց չորս յանցագործներ, որոնցմէ երեքը առեւանգուած շէյխին հարազատներն են: Հարազատներէն երկուքը խոստովանեցան, որ իրենք գործադրած են առեւանգումը` անոնց միջեւ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող լուրջ խռովութիւններուն պատճառով: Անոնք խոստովանեցան նաեւ, որ իրենք սպաննած են շէյխ Ռիֆային եւ զայն նետած հիւսիսային Լիբանանի շրջաններէն մէկուն մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Աւելի ուշ, Ներքին ապահովութեան ուժերու Հանրային կապերու բաժանմունքը հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ շէյխ Ռիֆային առեւանգող, սպաննող եւ թաղումը կատարողները 5 հոգի են` հաստատելով, որ անոնք բոլորը ձերբակալուած են եւ բոլորը շէյխ Ռիֆայիի հարազատներն են:

Անոնց մաս կը կազմէ նաեւ Աքքարի Քարքաֆ շրջանի քաղաքապետն ու անոր զաւակը:

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ուղղուեցաւ Քարքաֆի քաղաքապետին բնակարանը, ուր բացայայտուեցաւ զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոց մը, որուն մէջ գտնուեցան մեծ քանակով զէնքեր, գնդացիրներ, ինչպէս նաեւ նռնակներ, ձեռնառումբեր, պայթուցիչներ եւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք գրաւուեցան եւ յանձնուեցան համապատասխան դատական իշխանութեան:

Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ռիհանիէ շրջանին մէջ, Պարետ լիճին մօտ գտնուող աղբանոցի մը մօտ գտած է շէյխ Ռիֆայիի դիակը, որ 3.5 մեթր խորութեամբ փոսի մը մէջ թաղուած էր:

«Շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի դիակը կարելի եղաւ դուրս բերել երէկ առաւօտեան, եւ զայն դիազննութեան ենթարկելէ ետք ի յայտ եկաւ, որ ան կապուած է պարանով եւ շղթաներով, ինչպէս նաեւ փամփուշտ ստացած է: Ապա շէյխ Ռիֆայիի դիակը յանձնուեցաւ անոր ընտանիքին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Պաքար Զաքարիա հաստատեց, որ շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի սպանութիւնը ընտանեկան է եւ քաղաքական կամ կուսակցական ոչ մէկ ծալք ունի:

Շէյխ Զաքարիա յայտնեց, որ նման արարքներ շրջանը կրնան քաոսի առաջնորդել` աւելցնելով, որ հակառակ ոճիրին քստմնելի ըլլալուն, իրենք կոչ ուղղած են բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ հետաքննութեան հետեւելու, ապա դատական իշխանութիւններուն դիմելու:

Իր կարգին, Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Թարեք Իմամ կոչ ուղղեց բոլորին սպասելու հետաքննութեան աւարտին եւ ճշմարտութեան բացայայտումին:

Միւֆթի Իմամ ընդգծեց, որ կարելի չէ նման դէպքի մը պարագային սադրանքներ հրահրել, այլ պէտք է սպասել եւ գերզգայնութիւններով չտարուիլ:

Շէյխ Ռիֆայիի սպանութեան լուրէն ետք, միւֆթի Իմամ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին եւ հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Աքքարի միւֆթիներուն` կոչ ուղղելով զգուշանալու նման անարգ սպանութիւններուն սպառնացած վտանգէն:

Միւֆթի Իմամ հաստատեց, որ ժողովուրդը արթուն պէտք է ըլլայ, իսկ ապահովութեան ուժերը կարողութիւն ունենան բացայայտելու նման դէպքերու կապուած ամբողջ ճշմարտութիւնը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի անարգ սպանութիւնը` հաստատելով, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ այս արարքը, որ բարոյական ու մարդկային ոչ մէկ յատկանիշ ունի:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ իսլամ հոգեւորականներուն արժանապատուութիւնը պիտի մնայ երաշխաւորուած` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոքի պիտի արտօնեն նման դէպքերու կրկնութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Տար Ֆաթուա յանձնառու կը մնայ իր հոգեւորականներուն առողջութեան:

Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն բացայայտելու այս սպանութեան ծալքերը եւ խստագոյն պատիժները տնօրինելու յանցագործներուն դէմ:

Միւֆթի Տըրիան ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի ընտանիքին:

Աւելցնենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ողջունեց Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին աշխատանքը, որ բացայայտեց սպանութեան ծալքերը եւ Լիբանանը փրկեց սադրանքէ մը:

Նոյն կեցուածքը արտայայտեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, որ ապահովութիւն մաղթեց Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, որուն ջանքերով կարելի եղաւ Լիբանանի մէջ սադրանքը սանձել:

Նախորդը

Միքաթի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?