Գլխաւոր լուրեր

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

«Զուարթնոց» կեդրոնի աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին` առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ  պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Լիբանանի Հայ համայնքի Ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետը եւ անդամներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,...

Խմբագրական.  Արցախի Հարցի Վերամիջազգայնացման Շարժառիթները

Խմբագրական. Արցախի Հարցի Վերամիջազգայնացման Շարժառիթները

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, յատկացուած` Բերձորի անցքի փակումին, առիթ էր առնչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՛ակնկալուի կոչ` միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու: Լուսարձակները պէտք է կեդրոնացնել առնչուած պետութիւններու, խաղաղապահ, դիտորդական, փաստահաւաք թէ կարիքներու ուսումնասիրութեան առաքելութիւններու ուղարկման ետին կանգնած պետութիւններու ելոյթներուն վրայ յատկապէս, քաղաքականօրէն ընկալելու համար տարածաշրջանին մէջ տարուող ազդեցութեան գօտիներու...

ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ  Տեղի Ունեցաւ Ընդդիմադիր Քաղաքական  Ուժերու Խորհրդակցութիւն

ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ընդդիմադիր Քաղաքական Ուժերու Խորհրդակցութիւն

Նախանցեալ երեկոյեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու խորհրդակցութիւն: Օրակարգին վրայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակն էր, Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ Արցախի շրջափակումի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական եւ գոյաբանական սպառնալիքներու դիմագրաւումը: Խորհրդակցութեան մասնակից շուրջ երկու տասնեակ քաղաքական ուժերը իրենց գնահատականներուն մէջ միակամ էին. ստեղծուած իրավիճակը իշխանութիւններուն վարած արտաքին...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը. Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Շրջափակման Հարցով Միջազգային Արձագանգներու Մասին

2022 թուականի դեկտեմբերի 12-ին` կեղծ բնապահպանական պատրուակով, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի արգելափակումը մարդասիրական աղէտի վերածուելու եւ փխրուն խաղաղութիւնը խաթարելու ու տարածաշրջանային նոր ապակայունացման միտում ունի: Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը երախտագիտութիւն է յայտնում խնդրով մտահոգ երկրներին,...

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց  Յակոբ Բագրատունիի Դէմ Ժատ Ղոսընի  Ներկայացուցած Վիճարկումը

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Յակոբ Բագրատունիի Դէմ Ժատ Ղոսընի Ներկայացուցած Վիճարկումը

Մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու խնդրանքով Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուած դիմումներուն մասին տրուած վճիռներէն վերջինները, որոնք կը վերաբերէին Մեթնի եւ Աքքարի շրջաններուն, հրապարակուեցան երէկ կէսօրին: Այդպիսով յստակ դարձաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի դէմ Ժատ Ղոսընի ներկայացուցած վիճարկումը մերժուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ: Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Թաննուս Մեշլեպ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց,...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը  ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի  Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

Մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող լիբանանահայութեան` Արցախի նկատմամբ զօրակցութեան միասնական քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրին, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ Արցախի զօրակցական աշակերտական ցոյց կատարեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ: Զօրակցական ցոյցի ընթացքին կարդացուեցաւ ՄԱԿ-ին ուղղուած յուշագիր, ուր միջազգային կառոյցին կոչ կ՛ուղղուի ջանքեր գործադրել վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ պաշտպանելու արցախցի մանուկներու իրաւունքները, սնունդը, ապագան եւ կեանքերը: Աշակերտները...

Վեհափառ Հայրապետն Ու Արցախի Նախագահը  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Վեհափառ Հայրապետն Ու Արցախի Նախագահը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան: Նախագահ Յարութիւնեան վեհափառ հայրապետին պարզեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը` Ազրպէյճանի կողմէ բնապահպանական կեղծ պատրուակներով Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ ճամբու փակումով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտը կանխելու ուղղուած աշխատանքները: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին, նախագահին ներկայացուց Արցախի գծով իր կատարած աշխատանքները` յատկապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն...

Ապահովութեան Խորհուրդը Քննարկեց Լաչինի  Միջանցքի Փակման Հարցը. Ֆրանսան  Յայտարարութեան Նախագիծ Ներկայացուց

Ապահովութեան Խորհուրդը Քննարկեց Լաչինի Միջանցքի Փակման Հարցը. Ֆրանսան Յայտարարութեան Նախագիծ Ներկայացուց

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 21 դեկտեմբերին գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութիւնը: ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու, Ազրպէյճանէն պահանջելու վերցնել Լաչինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լաչինի միջանցքին մէջ: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան Լաչինի միջանցքին մէջ` պետական հովանաւորութեամբ զանգուածային...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Պաքուի Հետ Որեւէ Քննարկում Ընդունելի  Պիտի Ըլլայ Միայն Այն Պարագային,  Եթէ Ընթանայ Կողմերու Իրաւահաւասարութեան  Սկզբունքի Պահպանումով»

Ստեփանակերտ. «Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներով Միայն Կարելի Է Կայունացնել Իրավիճակը Շրջանին Մէջ»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հարցի քննարկումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին: «Այն, որ նման ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութեան առանցքային մարմինը այդ հարցով արտակարգ նիստի կը հրաւիրէ, արդէն իսկ ցոյց կու տայ միջազգային հանրութեան լուրջ մտահոգութիւնը ստեղծուած իրավիճակով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ուխտադրուժ քաղաքականութեան առնչութեամբ», յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ պաշտօնական Ստեփանակերտի, միջազգային հանրութեան քննադատական դիրքորոշումը Ազրպէյճանի...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

ՄԻԵԴ-ի Որոշումը Ազրպէյճանին Կը Պարտաւորեցնէ Ապահովել Ծանր Հիւանդներու Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշած է պարտաւորեցնել Ազրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները` ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը: Դատարանի որոշումը կը պարտաւորեցնէ նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ տեղաշարժը, կը յայտնէ միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը: Հայաստան միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջ եւ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն...

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Տօնական  Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Հոգեւոր Տիրոջ

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Տօնական Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Հոգեւոր Տիրոջ

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եկաւ տօնական շնորհաւորական այցելութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, մամլոյ դիւանի պատասխանատու հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, պատրիարքարանի հիւրընկալ անդամ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեան եւ պատրիարքարանի մամլոյ...

«Գարակէօզեան»-ի Կողմէ Յուշանուէր` «Ազդակ»-ին

«Գարակէօզեան»-ի Կողմէ Յուշանուէր` «Ազդակ»-ին

«Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ընկերակցութեամբ Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրի եւ տեղեկատուական բաժինի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանին, այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ  տնօրէնութեան հետ: Զեկուցելէ ետք բարեսիրական կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն մասին, անոնք տնօրէնութեան հետ խորհրդակցեցան հաստատութեան արխիւներու թուայնացման համար «Ազդակ»-ի հետ հնարաւոր գործակցութեան մասին: Սերոբ Օհանեան` առ ի գնահատանք բարեսիրական գործունէութեան մասին «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներուն եւ լուսաբանումներուն, «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնեց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լաչինի Միջանցքին Գծով  Դիմեց Սէուտական Արաբիոյ Միջամտութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լաչինի Միջանցքին Գծով Դիմեց Սէուտական Արաբիոյ Միջամտութեան

Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին: Վեհափառ հայրապետը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումն ու անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետն ու դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած...

Արդէն 9-րդ Օրն Ըլլալով Արցախը  Կը Գտնուի Ազրպէյճանական Շրջափակման Մէջ

Արդէն 9-րդ Օրն Ըլլալով Արցախը Կը Գտնուի Ազրպէյճանական Շրջափակման Մէջ

«Ճամբան կը շարունակէ փակ մնալ, եւ արդէն 9-րդ օրն է, որ Արցախը կը գտնուի ազրպէյճանական շրջափակման մէջ», ըսած է Արցախի պետական նախարար, գործնական շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեան` շտապի երէկուան նիստին` ընդգծելով նաեւ հաւանական բոլոր բեմագրութիւններուն պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը: Նիստին զեկուցուած է պարենային ապրանքներու, դեղորայքի, պենզինի եւ վառելանիւթի շուկաներուն մէջ տիրող վիճակին մասին, մասնաւորապէս նշուած է, որ ալիւրի պաշարները բաւարար են,...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ծանուցագիրները` ՄԱԿ-ին Եւ Եւրոպական Խորհուրդին

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապաշրջափակման Համար Համարժէք Գործիքակազմ Կիրարկելու Խնդրանքով Դիմած Է Միջազգային Հանրութեան

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին դիմած է միջազգային հանրութեան` Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ կիրարկելու խնդրանքով: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Դեկտեմբերի 12-ից Ազրպէյճանը փակել է Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը` ապօրինաբար շրջափակելով Արցախը եւ արհեստականօրէն ստեղծելով ծանր մարդասիրական պայմաններ Արցախի 120 հազարնոց բնակչութեան համար: Շրջափակման պատճառով խախտւում են Արցախի...

Ապահովութեան Խորհուրդը Լիբանանեան  Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Վրայ  Բոլոր Յարձակումներուն Մասին Հետաքննութիւն Բանալ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանի Դիմումին Հիմամբ Պիտի Քննարկէ Լաչինի Միջանցքին Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին հիման վրայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պիտի քննարկուի Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Լիբանանէն  Ուղարկուած Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Լիբանանէն Ուղարկուած Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Ավիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Զերհիթ շրջանին մէջ վար առած են Լիբանանէն ուղարկուած անօդաչու թռչող սարք մը: Ատրահի նշեց, որ ըստ երեւոյթին անօդաչու թռչող սարքը կը պատկանի Հըզպալլայի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի պաշտպանեն Իսրայէլի գերիշխանութիւնը` անոր սպառնացող որեւէ տեսակի ոտնձգութենէ:

Ազրպէյճանցիները Դարձեալ Փակած Են  Արցախը Հայաստանին Կապող Մայրուղին

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմը Բանակցութիւնները Կը Շարունակէ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Առնչութեամբ

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով փոխադրակառքերու անարգել շարժումը վերսկսելու վերաբերեալ, կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ զեկուցագիրին մէջ կը նշուի, որ իրենց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հրադադարի խախտման միջադէպեր չեն արձանագրուած: Միւս կողմէ, Արցախի մէջ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդ մը երէկ մահացած է: Վերջինիս չեն կրցած Երեւան տեղափոխել,...

Ռուբէն Վարդանեան. «Մենք Կ՛աշխատինք,  Ե՛ւ ՄԱԿ-ի, Ե՛ւ Ֆրանսայի,  Ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, Ե՛ւ Ռուսիոյ Հետ»

Ռուբէն Վարդանեան. «Մենք Կ՛աշխատինք, Ե՛ւ ՄԱԿ-ի, Ե՛ւ Ֆրանսայի, Ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, Ե՛ւ Ռուսիոյ Հետ»

Արցախը պաշտպանելու, այս իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր ստեղծելու համար «մենք կ՛աշխատինք ե՛ւ ՄԱԿ-ի, ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Ռուսիոյ հետ», Ասկերանի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան: «Մեր ամէնէն կարեւոր նպատակին հասնելու` Արցախը պահպանելու ու զարգացնելու համար պէտք է օգտագործենք բոլոր միջոցներն ու գործիքները», նշած է ան: Արցախը հայկական պահելը ամբողջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան հարցն...

Սեպտեմբերեան Մարտերուն Պատճառով  Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 224 Է

Սեպտեմբերեան Մարտերուն Պատճառով Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 224 Է

13-14 սեպտեմբերին ազրպէյճանական յարձակման պատճառով հայկական կողմի զոհերու թիւը 224 է: Քննչական կոմիտէի մամլոյ բանբեր Գոռ Աբրահամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերու ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է: «Բազմակողմանի քննութիւն կ՛իրականացուի իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելցուց Գոռ Աբրահամեան: Պաշտօնական Երեւանը աւելի կանուխ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով,...

Page 261 of 796 1 … 260 261 262 … 796

Արխիւներ