Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Մոսիեան. «Կարճ Ժամանակի Մէջ Ռուբէն Վարդանեան Դարձած Է Պայքարի Խորհրդանիշը, Եւ Զայն Հեռացնելը Լաւ Բան Չի Յուշեր»

Փետրուար 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արայիկ Յարութիւնեանը իբրեւ թէ բացատրութիւն տուած է, թէ ինչո՛ւ  ազատ կացուցած է Ռուբէն Վարդանեանը Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն, բայց, այդ ե՛ւ Ալիեւի, ե՛ւ Նիկոլի պահանջն էր. ես միշտ ըսած եմ, որ Արցախին վերաբերող որեւէ հարցի մէջ անոնք ներդաշնակ կը գործեն: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան` անդրադառնալով նախանցեալ օր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի որոշումին, որով Ռուբէն Վարդանեան հեռացուեցաւ Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն:

«Եթէ մարդիկ այդ չեն տեսներ, այդ իրենց մեղքն է: Իսկ Արայիկ Յարութիւնեանը որո՛ւն պահանջը կատարած է` Նիկոլի՞, թէ՞ Ալիեւի, ան ատոր բացատրութիւնը տուած է, ինչ որ մեզ չի բաւարարեր», ըսաւ ան:

Խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ Ռուբէն Վարդանեանը դարձած է պայքարի խորհրդանիշը. «Այդ կ՛ապացուցէ 25 դեկտեմբերին տեղի ունեցած քանի մը տասնեակ հազարնոց հանրահաւաքը: Արցախի ժողովուրդը ընտրած է այդ ուղին, եւ Ռուբէն Վարդանեանը դարձած էր պայքարի խորհրդանիշը, եւ զայն հեռացնելը լաւ բան չի յուշեր եւ սխալ է մեր կարծիքով», նշեց ան:

Դաշնակցական գործիչը կարծիք յայտնեց, որ Փաշինեանը իշխանութեան բերուած Արցախը յանձնելու նպատակով, եւ հետզհետէ բոլորը կը համոզուին այս իրականութեան. «Քաղաքացիական պայմանագիրի անդամները իշխանութեան բերուած են որոշակի խնդիրներ լուծելու համար, բայց վախնամ, որ Արցախով չեն բաւարարուիր, եւ նոյնը պիտի ըլլայ մնացած տեղերուն մէջ, եթէ ժողովուրդը ուշքի չգայ եւ այդ ազգակործան պատուհասները չվռնտէ», աւելցուց պատգամաւորը:

Անդրադառնալով Լա Հէյի դատարանի կայացուցած միջանկեալ որոշումին քաղաքական գործիչը նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ամէն ինչ ընեն, որոշումը ինքն իրեն կեանքի պիտի չկոչուի. «Կ՛ընեն, թէ չեն ըներ, այդ երկրորդական հարց է: Խաղաղութիւն մուրացող, յանուն իր իշխանութեան ամէն ինչի համաձայնող իշխանութեան պարագային ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը որեւէ յաջողութիւն պիտի չունենան»:

Արթուր Մոսիեան աւելցուց, որ Արցախը իր 70-է աւելի օր տեւած շրջափակումի ընթացքին ապացուցեց, որ մարդասիրական կամ այլ խնդիրները ի հարկէ դժուար են, բայց ամէնէն կարեւոր հարցը Արցախի ապագայի հարցն է, եւ որեւէ արցախցի կը մտածէ միայն այդ ուղղութեամբ. «Նիկոլի եւ իր խունթայի վարած քաղաքականութիւնը ոչ մէկ արցախցիի վստահութիւն կը ներշնչէ: Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ կապ չունին թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի հիմնարար իրաւունքներուն հետ: Շատ կարճ ժամանակ ետք ժողովուրդը ատոր կը համոզուի», եզրափակեց Մոսիեան:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Յաջորդը

Խմբագրական. Սումկայիթէն Բերձոր. Լիբանանահայութեան Համակարգուած Աշխատանքի Փաստը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?