Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ, Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

March 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճիշդ է, որ Դրամատուներու միութեան որոշումին համաձայն, դրամատուները բացին իրենց դռները, սակայն այդ իրականութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը կասեցնելու իմաստով:

Ընդհակառակն` սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կը գտնուի 90.000 լ. ոսկիի սեմին, իսկ սղաճը աւելի եւս կը ծանրաբեռնէ լիբանանցիները, որոնց ստացած աշխատավարձերը օրըստօրէ կը սահմանափակեն իրենց գնելու կարողութիւնը:

Կեանքը կը դառնայ ահաւոր, լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը հազիւ թէ կը հոգայ իր կենցաղային կարիքները, իսկ կայ նաեւ նկատառելի համեմատութիւն մը, որուն համար օրուան հացը գնելը նոյնիսկ դարձած է լուրջ խնդիր:

Լիբանանցիին ապրած այս տառապանքին զուգահեռ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ «աւետեց» լիբանանցիները, թէ այսօրուընէ սկսեալ բոլոր հանրախանութներուն մէջ սակերը ամերիկեան տոլարի հիման վրայ պիտի ճշդուին` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է պաշտպանել քաղաքացին` զայն իրազեկելով ապրանքներուն իսկական սակերուն մասին:

Այս բոլորին կողքին, չորս ամսուան նախագահական դատարկութեան փուլէ ետք, նախագահական ընտրութիւնը դարձած է անկարելի, որովհետեւ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն եւ երկխօսութեան ոչ մէկ միտում կը ցուցաբերէ:

Այս շրջագիծին մէջ կարելի է հաստատել, որ գարնան հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը աւելի հեքիաթի մը կը համապատասխանէ, քան` իրականութեան:

Բարեբախտաբար երկրին ապահովական կայունութիւնը կը մնայ ամուր` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակն ու անոր գաղտնի սպասարկութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերն ու անոնց Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը եւ Պետական անվտանգութեան կառոյցը մնայուն կերպով կը գործակցին: Այդ համագործակցութեան շնորհիւ անոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Այս առումով սակայն Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը դէմ յանդիման կը գտնուի իր ընդհանուր տնօրէնին` հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտին` նկատի ունենալով, որ ան հանգստեան կոչուելու տարիքը արդէն իսկ բոլորած է:

Հետեւաբար ան 3 մարտ 2023-էն սկսեալ այդ պաշտօնը պիտի չստանձնէ:

Նշենք, որ այս իմաստով շաբաթներէ ի վեր կարգ մը կողմեր կը փնտռէին օրինական որոշ ելքեր` երկարաձգելու համար Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութիւնը, սակայն այդ ճիգերը յաջողութեամբ չպսակուեցան:

Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին առումով տիրող անհամաձայնութեան շրջագիծին մէջ ներկայիս շրջանառութեան մէջ դրուած է գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի թեկնածութիւնը, որ կը ստանձնէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատարի պաշտօնը, ուր ան 2019-ին մէկ տարուան համար նշանակուած էր, եւ կամ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի բարձրագոյն աստիճան ունեցող զինուորականը, որն է գնդապետ-զօրավար Ռամզի Ռամի:

Դատական իշխանութեան առումով, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ ուղղուած էր Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր նահանգներու դատախազներուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական հարցերու դատախազութեան եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչին:

Այդ շրջաբերականին ընդմէջէն Օուէյտաթ պահանջեց դրամատնային ոչ մէկ տեղեկութիւն պահանջել, եթէ անոնք կապուած չեն փտածութեան եւ դրամի լուացումի դէմ պայքարելու դատական հարցերու հետ:

Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ ընդհանրական տեղեկութիւններու շրջագիծին մէջ դրամատուներէն տեղեկութիւն պահանջելը արգիլուած է, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ, որ պէտք է տեղեկութիւններ պահանջելը գաղտնիութեամբ կատարել եւ մարդոց անձնական տուեալները պահպանել:

Այս առումով Օուէյտաթ Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունէն պահանջեց վերջ տալ դրամատուներուն դէմ իր յարուցած դատերուն:

Նախորդը

Պու Սաապ. «Տիրող Տարակարծութիւնը Կը Փաստէ, Որ Նախագահական Ընտրութիւնը Այդքան Ալ Դիւրին Չէ Կայացնել»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.