Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախի Շրջափակման Հիմքին Մէջ Կայ Ազրպէյճանի Ձգտումը` Արցախի Ժողովուրդը Զրկելու Հայրենիքէն Եւ Ի Վերջոյ` Ոչնչացնելու»

Փետրուար 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սումկայիթի ջարդերուն 35-ամեակին առիթով երէկ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ «այսօր կը լրանայ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ողբերգական ու հրէշաւոր էջերէն մէկուն` Սումկայիթի ջարդերուն 35-ամեակը: 1988 թուականի փետրուարի 27-29-ը` Պաքուէն ընդամէնը 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ, ազրպէյճանական իշխանութիւններու յանցաւոր թոյլտուութեամբ եւ նոյնիսկ ցուցմունքով, տեղի ունեցան քաղաքի հայ բնակչութեան զանգուածային  ջարդեր, որոնք կ՛ուղեկցուէին սպանութիւններով, խոշտանգումներով եւ այլ վայրագութիւններով»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Ջարդարարներու խումբերը, զինուած սրածայր մետաղեայ ձողերով, կացիններով, մուրճերով եւ ինքնաշէն այլ միջոցներով, քաղաքի իրաւապահ մարմիններուն լիարժէք անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, կը ներխուժէին հայերու բնակարանները եւ անհաւանական դաժանութեամբ հաշուեյարդար կը տեսնէին անմեղ մարդոց հետ: Բռնութեան քանի մը օրերու ընթացքին տասնեակ հայեր սպաննուեցան, հարիւրաւորներ ենթարկուեցան դաժան ծեծի եւ խոշտանգումներու, հազարաւորներ` բռնի տեղահանուեցան: Հայերուն նկատմամբ ատելութեան մթնոլորտը կը սնուցուէր հանրահաւաքներու ժամանակ հնչեցուող հակահայկական կարգախօսներով եւ բռնութեան կոչերով: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած յանցաւոր այդ գործողութիւններուն նպատակն էր` վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ անով իսկ ճնշել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ պահանջները»:

Նախորդը

Ապտոլլահեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Միրզոյեան Ընդգծած Է Առանց Նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակումը Անյապաղ Դադրեցնելու Հրամայականը

Յաջորդը

Ակնարկ. Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?