«Ռայիսինա երկխօսութիւն» խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ Նիւ Տելհի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
Ընդգծուած է ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման եւ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը` խստօրէն հետեւելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն:
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի շուրջ հարցերու:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումի ընթացքին նաեւ անդրադարձած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:


