Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու Արցախին յատկացուող աջակցութիւնը 2024 թուականին` զայն հասցնելով 75 միլիոն տոլարի` հաշուի առնելով արդէն գրեթէ երեք ամիսէ ի վեր շարունակուող շրջափակումը, 2020-ի պատերազմի հետեւանքները:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի համաձայն, արդէն յաջորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պիտի սկսի 2024-ի պիւտճէի քննարկումներուն:
«Դժբախտաբար, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրած է մարդասիրական օժանդակութիւնը դէպի Արցախ, միայն փոքր բաժին մը կը տրամադրէ ականազերծման աշխատանքներու համար: Նկատի ունենալով շրջափակումը, հաշուի առնելով 2020-ի պատերազմը, նկատի ունենալով Ազրպէյճանի կառավարութեան շարունակական ճնշումը եւ յարձակողական կեցուածքը Արցախի հանդէպ, այդ գումարը պէտք է բարձրանայ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Չուլճեան:
Միացեալ Նահանգները այս տարուան պիւտճէով Հայաստանին 60 միլիոն տոլարի աջակցութիւն նախատեսած է` տնտեսական զարգացման, մասնաւոր հատուածի արդիւնաւէտութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ծրագիրներու համար:
Պայտընի վարչակազմը 24 միլիոն տոլար նախատեսած էր նաեւ 2022-ի համար, սակայն Քոնկրեսը, ի վերջոյ, այդ գումարը կրկնապատկած էր` հասցնելով 45 միլիոն տոլարի, միաժամանակ, օրէնսդիրները նաեւ 2 միլիոն տոլար յատկացուցած էին Արցախին` ականազերծման համար:
Հայ դատի յանձնախումբը կը կարծէ, որ ակնկալուող 75 միլիոն տոլարով կարելի պիտի ըլլայ նպաստել տեղահանուածների, Արցախի ուժանիւթի անվտանգութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, սնունդի, ինչպէս նաեւ ականազերծման խնդիրներու լուծման:
«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը արդէն սկսած է աշխատիլ թէ՛ քոնկրեսական ղեկավարներու հետ, թէ՛ անշուշտ կը շարունակենք երկխօսութիւնը Ամերիկայի գործադիր մարմինի հետ, որպէսզի ընդլայնենք օժանդակութիւնը դէպի Արցախ եւ շարունակենք օժանդակութիւնը դէպի Հայաստան, որ կարողանան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակական ճնշումները վերացնել», ըսաւ Չուլճեան:
Ի՞նչ ակնկալիքով Հայ դատի գրասենեակը այսչափ մեծ գումար կը խնդրէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն` հաշուի առնելով անցած տարիներու կրճատումները, Եղիսաբէթ Չուլճեան պատասխանեց` այս պարագային իրենք կը մատնանշեն Ազրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը, պարբերական ճնշումները Արցախի նկատմամբ:


