Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Երկխօսութիւնը Կայացած Կը Նկատէ

Մարտ 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկխօսութիւնը կայացած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի օր Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է ազրպէյճանական կողմի բանագնաց Ռամին Մամետով:

Ազրպէյճանցի երեսփոխանը «Քալիպըր» թերթին որոշ մանրամասնութիւններ պատմած է Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումին մասին:

«Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ առաջնային համաձայնութիւնը այն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային բանակցութիւններուն մէջ կրնան ներգրաւուիլ տարբեր ոլորտի մասնագէտներ», ըսած է Մամետով:

Թէ ասիկա ի՛նչ կ՛ենթադրէ, Մամետով չէ մանրամասնած: Ան նշած է, որ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումի հիմնական նիւթը «Ղարաբաղի տնտեսական շրջանի հայ բնակչութեան` ազրպէյճանական հասարակութեան վերահամարկուելու հարցերն ու կարելիութիւններն էին, մարտահրաւէրները, որոնք կը խոչընդոտեն այդ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման»:

«Իմ հիմնական նպատակս ու խնդիրս է` արագացնել Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու վերահամարկումը Ազրպէյճանի ընդհանուր ընկերամշակութային, տնտեսական կեանքին», իբրեւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ հաղորդակցութիւններու պատասխանատու, իր լիազօրութիւնները բացատրած է Ռամին Մամետով եւ յիշեցուցած, որ նման ձեւաչափով բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութեան մասին նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր Միւնիխի մէջ:

Պատասխանելով թերթի հարցումին, թէ Ղարաբաղի հայերը պատրա՞ստ են Ազրպէյճանի ամէնօրեայ կեանքին վերահամարկման, Մամետով ուղիղ չէ պատասխանած, միայն ըսած է, որ իր տպաւորութեամբ, հանդիպումի մասնակիցներուն հետ որոշակի հաղորդակցութիւն կարելի եղած է կատարել: «Իբրեւ առաջին հանդիպումի արդիւնք, կարելի է արձանագրել, որ երկխօսութիւնը կայացած է», ըսած է Մամետով:

Ազրպէյճանական կողմի բանագնացը չէ յստակացուցած, թէ կողմերը ճիշդ ո՛ր խնդիրներուն անդրադարձած են` սահմանափակուելով միայն մէկ բառով` մարդասիրական:

«Մենք անդրադարձած ենք հիմնականին մէջ մարդասիրական խնդիրներուն, հետագային շարք մը մարդասիրական հարցեր լուծելէ ետք կրնանք յառաջ շարժիլ եւ քննարկել աւելի լայն ձեւաչափի հարցեր», ըսած է Մամետով:

Ստեփանակերտ կը հաստատէ, որ ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական բնոյթի հարցեր` «Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան ծիրին մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի համարկման հոլովոյթին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը չորեքշաբթի օր յայտարարած է` համարկման որեւէ հոլովոյթ կը բացառուի:

Ազրպէյճանական կողմի հրապարակած լուսանկարին համաձայն, չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին Արցախէն մասնակցած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան: Ազրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ Մամետովէն բացի Բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը հետաքննող հսկողութեան խումբի ղեկավար Մասիմ Մամետովն էր, ըստ «Թուրան» գործակալութեան, նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան անշարժ գոյքի պետական ծառայութեան եւ «Ազերկոլտ» ընկերութեան մասնագէտները:

Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ անոնք այն նոյն պաշտօնեաներն են, որոնց հայերը ամիսներ առաջ չեն արտօնած Ղարաբաղի ոսկիի հանքերուն մէջ հսկողութիւն կատարել:

Ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը ղեկավարող Մամետով Ալիեւի ղեկավարած կուսակցութեան երեսփոխաններէն է, ծնած է Արցախի Մարտակերտ քաղաքին մէջ, դպրոց յաճախած Շուշիի մէջ, Պաքու տեղափոխուած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք:

Իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, արձագանգելով ղարաբաղեան շարժման 35-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձին, ան պնդած է, թէ Հայաստանի ղեկավարը տակաւին դասեր չէ քաղած վերջին իրադարձութիւններէն:

«Նման ապակառուցողական մօտեցումը ապագայ չունի», ըսած է ազրպէյճանցի երեսփոխանը` շեշտելով. «Պաքուն տարիներէ ի վեր կը պայքարի հայկական անջատողականութեան դէմ եւ կարեւոր կը նկատէ այդ երեւոյթին դէմ միջազգային մակարդակով աւելի ուժեղ պայքարը»:

Քլաար Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Արցախի
Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու այսօրուան հանդիպումը:

Թուիթըրեան գրառման մէջ ան յուսադրող որակած է «Խոջալուէն (Իւանեան, «Ա.») ստացուող նորութիւնները Պաքուի ներկայացուցիչներու եւ Ղարաբաղի հայերու հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ: Լաւ է, որ քննարկումները, կարծես, կեդրոնացած են թէ՛ անմիջական մտահոգութիւններու, թէ՛ ալ աւելի լայն խնդիրներու վրայ»:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Կը Հեռակառավարուին Թէ՛ Պետական Դաշտը Եւ Թէ՛ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ընդունած Է Միջկուսակցական Համակարգող Մարմինի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?