Գլխաւոր լուրեր

Ռուս Խաղաղապահներու Հրամանատարութիւնը  Կը Շարունակէ Բանակցութիւնները Լաչինի  Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Հարցով

Ռուս Խաղաղապահներու Հրամանատարութիւնը Կը Շարունակէ Բանակցութիւնները Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Հարցով

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկումը եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի: «Զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբով փոխադրական միջոցներու երթեւեկութիւնը վերականգնելու...

Եաէլ Պրոն Փիվէ. «Ֆրանսան Չի Ճանչնար  Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը.  Ասիկա Կը Համապատասխանէ Միջազգային  Իրաւունքին, Որուն Կ՛ենթարկուինք»

Եաէլ Պրոն Փիվէ. «Ֆրանսան Չի Ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը. Ասիկա Կը Համապատասխանէ Միջազգային Իրաւունքին, Որուն Կ՛ենթարկուինք»

«Ինչպէս գիտէք ե՛ւ Ֆրանսայի Ծերակոյտը, ե՛ւ Ազգային ժողովը որդեգրած են բանաձեւեր` դատապարտելու Արցախի շրջափակումը, Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Ազրպէյճանի նախայարձակումը Հայաստանի սահմաններուն»: Այս մասին Ազգային ժողովի մէջ Ազգային ժողովի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիվէ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաշուի առնելով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրած է Հայաստանին աջակցող բանաձեւ, որուն մէջ...

Պապական Նուիրակը Այցելեց  Վեհափառ Հայրապետին

Պապական Նուիրակը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը: Նոր նշանակուած նուիրակին առաջին հանդիպումը ըլլալով վեհափառ հայրապետին հետ, Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, թեմական կառոյցներուն ու միջեկեղեցական գործակցութեան, եւ ապա` Լիբանանի հայութեան: Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան առնչուած զարգացումներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վատիկանին զօրակցութիւնը Արցախի...

Պաքուն Միտումնաւոր Կաթուածահար  Կ՛ընէ Կենսական Նշանակութեան  Ենթակառուցուածքները

Պաքուն Միտումնաւոր Կաթուածահար Կ՛ընէ Կենսական Նշանակութեան Ենթակառուցուածքները

Ազրպէյճանական կողմը միտումնաւոր կաթուածահար կ՛ընէ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու աշխատանքը` օգտուելով այն հանգամանքէն, որ դէպի Արցախ եկող ենթակառուցուածքները կ՛անցնին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ հաւաքագրուած փաստերու` յունուարի 12-ին` ժամը 15:30-ի սահմաններուն մէջ, ազրպէյճանական կողմը Շուշիի հատուածին մէջ (շրջափակման վայր) դիտաւորեալ կտրած...

Արթուր Մոսիեան. «Կտրականապէս Դէմ  Արտայայտուած Ենք Լաչինի Միջանցքին Մէջ  Սքենըրի Տեղադրման»

Արթուր Մոսիեան. «Արցախը Ընտրած Է Պայքարի Ճամբան, Եւ Տէր Պիտի Կանգնինք Մեր Անկախութեան»

«Նիկոլ Փաշինեանը կը փորձէ փուլ առ փուլ հանրութեան համոզել, թէ իբրեւ թէ միջազգային հանրութիւնը Արցախը կ՛ընդունի իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Երէկուան ասուլիսին եւս նոյնը կը փորձէր ընել, բայց այդ ուղղակի անհեթեթութիւն է, ձեռնածութիւն: «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան: Հայաստանի վարչապետին որդեգրած զիջողական քաղաքականութիւնը, Արցախի բնակչութիւնն ու քաղաքական ուժերը, Մոսիեանի համաձայն, չեն ընդունիր:...

«ՀՅ Դաշնակցութեան Համար Նախագահական  Ընտրութեան Բոլոր Թեկնածուները  Քննարկումի Առարկայ Են»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅ Դաշնակցութեան Համար Նախագահական Ընտրութեան Բոլոր Թեկնածուները Քննարկումի Առարկայ Են» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 10 յունուար 2023-ի գիշերուան ժամը 9:30-ին դարձաւ «Օ. Թի. Վի.»-էն սփռուող «Պիտիպլոմասիէ» յայտագիրին հիւրը: Հաղորդավար Ռոզանա Ռամմալի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Կասկածելի է, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը երկու երեսփոխաններով կարենայ խորհրդարանին մէջ իրավիճակ եւ հաւասարակշռութիւն փոխել: «Նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու, որ 63 քուէ...

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Անթիլիաս

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Անթիլիաս

Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց կաթողիկոսանիստ վանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող այժմէական հարցեր, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական տագնապը եւ նախագահի ընտրութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը մասնաւորաբար քաղաքական ու տնտեսական մարզերուն մէջ:

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` Հայաստանի իշխանութեան կողմէ ՀՅԴ-ի կարգ մը անդամներու եւ համակիրներու նկատմամբ սկսած քրէական հետապնդումներուն վերաբերեալ: Հայաստանի օրուայ իշխանութիւնն իր ազգադաւ ծրագրերից հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու եւ դրանց դէմ պայքարողների նկատմամբ ապօրինի հետապնդումները շարունակելու նոր շրջափուլ է սկսել: Կեղծ օրինականութեան շղարշով քողարկելով իր հակապետական եւ հակաժողովրդավարական գործելակերպը` իրաւապահ համակարգը կրկին թիրախաւորել է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեանը:...

Արցախէն Հայաստանի Հանրապետութեան  Կը Յորդորեն Առաջնորդուիլ Բացառապէս  Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման  Իրաւունքի Պաշտպանութեամբ

Արցախէն Հայաստանի Հանրապետութեան Կը Յորդորեն Առաջնորդուիլ Բացառապէս Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Պաշտպանութեամբ

«Հայաստանի վարչապետի նախօրէին կատարած շարք մը պնդումներ եւ տեսակէտներ յառաջացուցած են մտահոգութիւններ, քանի որ չեն համապատասխաներ ինչպէս համազգային պայքարի գաղափարներուն, այնպէս ալ Արցախի բնակչութեան եւ իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումին», նշուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ: «Մենք կը գիտակցինք բոլոր այն հետեւանքներուն, որոնք կը բխին մեր որդեգրած քաղաքական գիծէն եւ կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը առ այն, որ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ պատմական...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 11 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս անդրադառնալու նախագահական ընտրութեան եւ ընկերային-տնտեսական տագնապին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ մտահոգիչ կացութեան եւ առաջարկեց...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Կը Գուժեն Հիւսէյն Հիւսէյնիի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Գուժեն Հիւսէյն Հիւսէյնիի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը գուժեն հայ համայնքի բարեկամ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի մահը: Հիւսէյնի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը կասեցուցած Թաէֆի համաձայնագիրին կնքահայրն է: Ան Թաէֆի համաձայնագիրին որդեգրման ընթացքին ամրագրած է հայ համայնքին իրաւունքները` հայ համայնքը նկատելով Լիբանանի մեծագոյն եօթը համայնքներէն մէկը: Աստուած ողորմի իր հոգւոյն:

Արցախը 30-րդ Օրն Ըլլալով  Շրջափակման Մէջ.  Արցախը Հայաստանէն Սնուցող Միակ Բարձր  Լարման Ելեկտրականութեան Գիծը Վնասուած Է

Արցախը 30-րդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ. Արցախը Հայաստանէն Սնուցող Միակ Բարձր Լարման Ելեկտրականութեան Գիծը Վնասուած Է

Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլոուաթնոց Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձր լարման ելեկտրականութեան գիծի 33-րդ քիլոմեթրին մէջ 9 յունուարին արձանագրուած է խանգարում: «ԱրցախԷներգօ»-ն կը յայտնէ, որ ըստ սարքաւորումներով արձանագրուած տուեալներուն, վնասուած վայրը կը գտնուի Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածին մէջ: «Ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով նշուած հատուածին մէջ այս պահու դրութեամբ կարելի չէ իրականացնել այցելութիւն եւ կազմակերպել վնասի վերանորոգութեան աշխատանքներ, ուստի որոշում տրուած է հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը...

Հայաստանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանը  Կոչ Ուղղած Է Ապահովելու Բերձորի Միջանցքին  Երկայնքով Տեղաշարժի  Ազատութիւնն ու Անվտանգութիւնը

Հայաստանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանը Կոչ Ուղղած Է Ապահովելու Բերձորի Միջանցքին Երկայնքով Տեղաշարժի Ազատութիւնն ու Անվտանգութիւնը

Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մասանորի Ֆուքոշիմա կատարած է յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով Բերձորի միջանցքին երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանատունը: «Մտահոգ եմ Լաչինի միջանցքին շուրջ զարգացումներու մասին հաղորդումներով: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքին երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն կողմերու ձեռք բերած համաձայնութիւններուն», ըսած է դեսպանը:...

Ռուսերը Կը Շարունակեն Բանակցութիւնները  Ստեփանակերտ-Գորիս Ճամբով Անխոչընդոտ  Շարժը Վերսկսելու Վերաբերեալ

Ռուսերը Կը Շարունակեն Բանակցութիւնները Ստեփանակերտ-Գորիս Ճամբով Անխոչընդոտ Շարժը Վերսկսելու Վերաբերեալ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ըստ աղբիւրին, Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկում եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի: Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով...

Խմբագրական «Ազդակ-Բացառիկ»-ի.   Դժուար Պայմաններ Դիմակայելու Պատրաստութեամբ

Խմբագրական «Ազդակ-Բացառիկ»-ի. Դժուար Պայմաններ Դիմակայելու Պատրաստութեամբ

Արդէն երկրորդ տարեմուտն է, որ «Ազդակ» իր բացառիկի ձեւաչափը ներկայ տեսքով կը ներկայացնէ: Տնտեսական ծանր պայմաններու իբրեւ արդիւնք մեր բացառիկը իբրեւ ձեւաչափ նախկին տեսքը չունի. բովանդակութիւնը սակայն փորձած ենք պահել` նոյն առանցքը գերադասելով: Մեր կեանքի տարբեր ոլորտներու ամփոփումը եւ տարեփակի խորհրդածութիւններ` ուղենշելով գալիքը, յառաջիկայ աշխատանքները: Իւրաքանչիւր մարզի մէջ վերջին տարիները ճգնաժամի մէջ աշխատելու փորձառութիւն ամբարեցին: Տեսութիւնը կը վերաբերի թէ՛ քաղաքական,...

Ակնարկ.  Հայաստանի Սահմանն ու Ռուսական Պատուհանը

Ակնարկ. Հայաստանի Սահմանն ու Ռուսական Պատուհանը

Երեւանի հետ երկխօսութեան գործընթացին համար Թուրքիան ներկայացնող յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները երանգային կարեւոր ընդգծումներ լուսարձակի տակ կը բերեն: Քըլըչ նախ հաստատած է Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան երկխօսութեան եւ բանակցութեան գործընթացներուն փոխկապակցուած ըլլալու դասական մօտեցումը: «Պէտք է գիտակցինք, որ հոլովոյթներէն մէկուն մէջ դրական տեղաշարժը դրականօրէն կ՛ազդէ միւս հոլովոյթին վրայ, եւ նմանապէս հոլովոյթներէն մէկուն մէջ բացասական զարգացումը կ՛ազդէ միւսին...

Արցախը 29-րդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ.  Արցախի Մէջ Կը Մշակուին Կտրօնային  Համակարգի Ներդրման Գործիքակազմերը

Արցախը 29-րդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ. Արցախի Մէջ Կը Մշակուին Կտրօնային Համակարգի Ներդրման Գործիքակազմերը

Արցախի մէջ կը մշակուին կտրօնային համակարգի ներդրման գործիքակազմերը: Սա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ առաւելագոյնս համաչափ բաշխել առկայ պարենային ապրանքները: Այս հարցը այսօր քննարկուած է Արցախի գործադիր շտապի նիստին: Սկզբնական շրջանին կը նախատեսուի կտրօնային համակարգը կիրարկել առաջնային նշանակութեան քանի մը ապրանքատեսակներու համար: Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ իրենց այցելութիւնները ցոյց տուած են, որ շրջափակման դժուարութիւնները չեն կոտրած մարդոց ոգին: Նիստի...

Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատուն.  «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զօրքերը  Վերադարձնել Իրենց Սկզբնական Դիրքեր»

«Լաչինի Միջանցքի Փակումը Կը Խոչընդոտէ Խաղաղութեան Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը

Ուաշինկթընի գնահատումով, Լաչինի միջանցքի փակումը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հոլովոյթը եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն «մտահոգ մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան խաթարման եւ ստեղծուած կացութեան մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ»: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք լիարժէքօրէն վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը: Բոլոր հարցերուն մէջ յառաջընթացի միակ ուղին բանակցութիւնն է»,...

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի այցելութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Այցելութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-ելեւմտական վիճակը եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւնները, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հակահայ...

Page 258 of 796 1 … 257 258 259 … 796

Արխիւներ