Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կիրակի, 5 մարտ 2023-ին կէսօրուան ժամը 11:55-12:00-ի ընթացքին, իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը Այթա Շաապի մէջ մէկ մեթրով խախտեց սահմանային կապոյտ գիծը:
«Այս արարքին պատճառով լիբանանեան բանակը հասաւ սահմանային տուեալ կէտը եւ ստիպեց, որ իսրայէլեան ուժերը նահանջեն դէպի ճշդուած կապոյտ սահմանագիծը:
Խախտումի շրջանը հասան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` ստուգելու համար իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած խախտումը:
Նշենք, որ նախապէս յայտնուած էր, թէ երբ լիբանանեան բանակը հասած է սահմանային խախտումի վայրը, բանակի սպաներէն մէկը հրած է իսրայէլացի սպայ մը եւ պոկած անոր տեղադրած ցիցը, որ լիբանանեան հողի վրայ կը գտնուէր:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի փոխտնօրէն Քենտիս Արտել յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը տեղեակ են սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ իսրայէլեան ուժերուն կատարելիք նորոգութիւններէն:
Արտել նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը գտնուին սահմանային շրջանին մէջ եւ ամէն ջանք ի գործ դրած են հակակշռելու լարուածութիւնը եւ մղելու, որ հոն գտնուող ուժերը ինքնազսպումի ենթարկուին:
Արտել նկատել տուաւ, որ Կապոյտ գիծին շրջակայքը կատարուելիք որեւէ աշխատանք գերզգայուն է` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը պէտք է տեղեակ պահեն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլայ զսպել այն քայլերն ու արարքները, որոնք անտեղի լարուածութիւն կրնան պատճառել:


