ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մօտ երկու գնացքներու միջեւ արձանագրուած արկածին առիթով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆունթուլաքիի:
Հայ դատի մարմինը ցաւ յայտնեց արձանագրուած բազմաթիւ անմեղ զոհերուն ու վիրաւորներուն համար, եւ դեսպանէն խնդրեց իր ցաւակցութիւնները փոխանցել Յունաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին:


