Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

March 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը շարունակաբար անտեսուած է, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 52-րդ նիստին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Նախարարը յայտնեց Հայաստանի հաստատակամ համոզումը, որ ՄԱԿ-ի միջգործակալական առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այն նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել այս պայմաններուն մէջ:

«ՄԱԿ-ը օժտուած է համընդհանուր լիազօրութեամբ եւ պէտք է անվերապահ եւ անխոչընդոտ հասանելիութիւն ունենայ դէպի կարիքի մէջ գտնուող անձերը», արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումով` ըսաւ Միրզոյեան` նկատելով սակայն, որ արցախեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ միջազգային հանրութիւնը հիմնականին մէջ անտարբեր մնաց ազրպէյճանական գործողութիւններուն նկատմամբ, մինչդեռ «Ազրպէյճանը աւելի կը քաջալերուէր` ոգեւորուած անպատժելիութենէ»:

«Նման լիակատար անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել միջազգային մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները», շեշտեց նախարարը»:

Շուրջ 80 օր է ի վեր Ազրպէյճան փակած է Բերձորի միջանցքը` Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան: Ազրպէյճան նաեւ խաթարած է ելեկտրականութեան մատակարարումը եւ պարբերաբար կը խափանէ կազամատակարարումը:

Այս բոլորին պատճառով Արցախի հայութիւնը կանգնած է մարդասիրական աղէտի եզրին, ընդգծեց Արարատ Միրզոյեան` շարունակելով. «Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճան ամէնէն բարձր մակարդակով կը յայտարարէ, որ կրնայ վերացնել շրջափակումը բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին լքել Լեռնային Ղարաբաղը: Սա ոչ այլ ինչ է, քան դանդաղ իրականացուող ցեղային զտում»:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.