Երէկ` 2 մարտին, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան ընդունած է Արցախի մէջ գործող երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները` ՀՅԴ Արցախի կառոյցէն Դաւիթ Իշխանեանը եւ Արթուր Մոսիեանը, «Արդարութիւն» կուսակցութենէն Յակոբ Յակոբեանը, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութենէն Աշոտ Ղուլեանը:
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները սրբազան հայրը տեղեակ պահած են Միջկուսակցական համակարգող մարմինի նպատակներուն եւ հետագայ գործունէութեան մասին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի շուրջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումները, ներքաղաքական իրավիճակն ու արտաքին մարտահրաւէրները:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան ողջունած է համակարգող մարմինի ձեւաւորումը` կարեւոր նկատելով Արցախի համար այս ծանր իրավիճակին մէջ համախմբումն ու միասնական աշխատանքը առկայ մարտահրաւէրները պատուով յաղթահարելու համար: Սրբազան հայրը պատրաստակամութիւն յայտնել է ջանք չխնայելու համախմբուածութիւնն ու միասնականութիւնը պահպանելու գործին մէջ: