Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու փոխադրութեան եւ նաւահանգստային մարզերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Համիէ յայտնեց, որ Կիպրոսի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւնները աւարտած են` աւելցնելով, որ իբրեւ նախարարութիւն իրենք ամբողջացուցած են աշխատանքը եւ տեղեկագիր մը յղած վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին:
Համիէ նկատել տուաւ, որ ինք նախարարութեան կատարած աշխատանքին մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահին:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Թրիփոլիի նաւահանգիստին, նաւերու նորոգութեան, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստին մէջ ցորենի շտեմարան մը կառուցելու ծրագիրները:
Պըրրի. «Մեր Թեկնածուն Յստակ Է`
Ան Սլէյման Ֆրենժիէն Է»
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան պիտի հրաւիրէ, երբ ընտրական լուրջ մթնոլորտ ըլլայ, եւ ոչ թէ «թատրոն» մը կազմակերպած ըլլալու սիրոյն:
Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը սառցահալի ենթարկելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ ինք պիտի փորձէ սառցահալ մը կատարել: «Խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի պիտի չհրաւիրեմ, եթէ տուեալներ չունենամ: Նման պարագայի Լիբանան նոյնիսկ ամիսներու համար չի կրնար դիմանալ, հազիւ քանի մը շաբաթ», ըսաւ ան:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ երբ համախոհութիւն մը գոյանայ այն առումով, որ թեկնածու մը իր թեկնածութիւնը յետս կոչէ` ի նպաստ մրցակից թեկնածուին, եւ երբ վստահ ըլլայ, թէ երեսփոխանները պատրաստ են ընտրելու հանրապետութեան նախագահը` առանց ժամանակ կորսնցնելու կամ կեցուածք արձանագրելու, այդ պարագային խորհրդարանը անմիջապէս նիստի պիտի հրաւիրէ:
Շիի երկեակին նախագահական թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Մեր թեկնածուն յստակ է` ան Սլէյման Ֆրենժիէն է»: Ան նկատել տուաւ, որ սպիտակ քուէները անոր անունը առաջադրեցին, առանց այդ անունը գրելու:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ 29 սեպտեմբեր 2022-ին` նախագահական ընտրութեան առաջին նիստին ան ստացաւ 63 քուէ, այսինքն` գրեթէ կէս առաւել մէկ: «Ան տակաւին մեր թեկնածուն է, եւ բոլորին համար յստակ է այդ իրականութիւնը: Մեր թեկնածուն լուրջ է, եւ մենք հաստատած ենք այդ իրականութիւնը, իսկ մրցակից թեկնածուն, ապա ան պարզապէս խողովակային փորձարկում է», ըսաւ Պըրրի:
Ան նկատել տուաւ, որ տակաւին կը սպասուի, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ համոզուի, որ պէտք է ընդունի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը եւ միանայ անոր զօրակցութեան:
Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ անցեալ երեքշաբթի օր Պասիլի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ պէտք է նախագահական ընտրութեան հարցով երկխօսութիւն կատարել: Ան շեշտեց, որ ինք երկու անգամ երկխօսութեան հրաւիրած է քաղաքական ուժերը, սակայն ընդառաջում չէ գտած:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան դիմագրաւած հարցը միջմարոնիական է` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք եւ անկէ առաջ առաջին անգամը չէ, որ մարոնիները իրարու միջեւ տարակարծութիւններ կ՛ունենան նախագահական ընտրութեան հարցով:
«Անոնց հիմնական նպատակը այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արգիլեն իրենց համար անբաղձալի թեկնածուին ընտրութիւնը», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հիմնական երկու թեկնածուներն են Սլէյման Ֆրենժիէն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը:
Ան յայտնեց, որ իրենց թեկնածուն կարիքը չունի պաշտօնապէս թեկնածութիւն առաջադրելու` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարին ընտրութիւնը կարիքը ունի սահմանադրական փոփոխութեան, եւ այդ մէկը ներկայիս կարելի չէ կատարել, որովհետեւ պայմանները չեն արտօներ:
Մուաուատ. «Պըրրիի Արտայայտութիւնները Խորհրդարանի
Նախագահի Մը Համար Անվայել Խօսքեր Են»
Անկախութեան շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուտ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ի պատասխան Նեպիհ Պըրրիի:
Մուաուատ շեշտեց, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը գրաւած Նեպիհ Պըրրիի արտայայտութիւնները խորհրդարանի նախագահի մը համար անվայել խօսքեր են:
«Նման խօսքեր կը վայելեն միլիսական խառնուածք ունեցող անհատի մը: Իսկ այն արտայայտութիւնը, թէ «մրցակից թեկնածուն, ապա ան պարզապէս խողովակային փորձարկում է», ապա անիկա վարկաբեկիչ է հանրապետութեան նախկին նախագահ, նահատակ Ռընէ Մուաուատի հասցէին: Այդ վարկաբեկումը ուղղուած է նաեւ բոլոր այն երեսփոխաններուն եւ պլոքներուն, որոնք ի նպաստ Միշել Մուաուատի քուէարկած են, ինչպէս նաեւ ցեխարձակում է Զղարթայի հասցէին», ըսաւ ան:
Մուաուատ շեշտեց, որ Պըրրիի ամէնէն անկեղծ արտայայտութիւնը եղած է այն, որ Տոհայէն յայտարարած է Պէյրութի շրջափակումին կասեցումը: «Արարք մը, որ վայել է միլիսներուն եւ միլիսական կազմաւորում ունեցողներուն: 7 մայիս 2008-ին Պըրրի եւ անոր դաշնակիցը` Հըզպալլա, պաշարած էին Պէյրութը, իսկ այսօր անոնք շրջափակած են ամբողջ հայրենիքը` արտաքին օրակարգեր յաջողցնելու նպատակով», ըսաւ ան:
Մուաուատ ընդգծեց, որ Ամալ շարժումի նախագահը փտածութեան վարպետ մըն է, որ նոյն ընթացքով շարունակած է տասնամեակներու վրայ եւ տարբեր կառավարութիւններու գործունէութեան ընդմէջէն:
Ալի Հասան Խալիլ. «Կը Հասկնանք Զգացումներդ` Անդրադառնալէդ Ետք,
Թէ Վերածուած Ես Քաղաքական Փորձարկումի Խողովակի Մը`
Թեկնածութիւնդ Առաջադրողներու Եւ Վրադ Խնդացողներու Տարրալուծարանին Մէջ»
Խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ուղղուած Մուաուատի:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Մուաուատ, որ հինգ ամիսէ ի վեր նախագահական ընտրութեան թեկնածուի պղպջակին մէջ կ՛ապրի, ներկայացած է այնպիսի խօսքերով, որոնց մասին նուազագոյնը կարելի է ըսել անդաստիարակ արտայայտութիւններ:
Ան պէտք էր ստուգէր եւ վստահ ըլլար խորհրդարանի նախագահին արտայայտութեան բովանդակութենէն, սակայն անոր բարկութիւնը զինք բացայայտեց, ինչպէս նաեւ երեւան հանեց այն ծրագիրը, որուն թեկնածուն է ան: «Հրաշք»-ին կ՛ըսենք, որ կը հասկնանք զգացումներդ` անդրադառնալէդ ետք, թէ վերածուած ես քաղաքական փորձարկումի խողովակի մը` թեկնածութիւնդ առաջադրողներու եւ վրադ խնդացողներու տարրալուծարանին մէջ:
Իսկ քու կողմէդ հանրապետութեան նահատակ նախագահ Ռընէ Մուաուատի թափած արեան չարաշահումդ ամօթալի է եւ ոչ յարգալիր քայլ մը:
Իսկ ամբաստանութիւնդ, որ ուղղուած է Ամալ անունով քաղաքական շարժումի մը, որ Լիբանանի ի խնդիր հազարաւոր նահատակներ մատուցած է, ապա անիկա քեզի ուղղուած է, որովհետեւ քու նախագահած շարժումդ եւ լիբանանցիներուն անունով ունեցած միութիւններդ ու կազմակերպութիւններդ փտածութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ կը գողնան զանոնք ֆինանսաւորողները:
Աստուած հոգին լուսաւորէ նահատակ Ռընէ Մուաուատին, իսկ ծնունդ տուողը մահացած է»: